Արցախեան Պատուիրակութեան Հանդիպումները Կիպրոսի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, ԱՀ ԱԺ ՀՅ Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան, ԱՀ ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեանի հետ 30 Մայիսին մեկնած են Կիպրոսի Հանրապետութիւն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։

Այցին ընթացքին պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է իշխող ՏԻՍԻ կուսակցութեան նախագահ Աւերոֆ Նէոֆիտուի, փոխնախագահ Խարիս Ղեորգեադիսի եւ Նիկոսիոյ քաղաքապետի՝ Կոստանդինոս Եորգաճիսի ու աւագանիի անդամներ Օլղա Մարուդիայի եւ Վալերիոս Դանիիլիդիսի հետ։

Հանդիպումներուն մասնակցած են նաեւ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանը եւ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեանը։

Արցախէն ժամանած պատուիրակութիւնը 31 Մայիսին հանդիպած է եւրոխորհրդարանի անդամ Գոսդաս Մաւրիդիսի հետ։

Պատուիրակութիւնը նաեւ ներկայ եղած է Մելքոնեան կրթական հաստատութեան նուիրուած Համազգային պարախումբի տարեկան հաշուետու համերգին։