Յովհաննէս Պաչգովը՝ Եւրոպայի Բռնցքամարտի Առաջնութեան Եռակի Ախոյեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամ, Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Յովհաննէս Պաչգովը երեք անգամ դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան ախոյեան` պատմական արդիւնք գրանցելով հայկական բռնցքամարտի պատմութեան մէջ:

Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ ընթացող Եւրոպայի առաջնութեան 63,5 քկ քաշային կարգի եզրափակիչին Յովհաննէս Պաչգովը մրցեցաւ Ֆրանսայէն Լունես Համրաունի հետ: Պաչգովը յաղթեց 5:0 հաշուով:

Յովհաննէս Պաչգովը երրորդ հայ բռնցքամարտիկն է, որ երեք անգամ դարձած է Եւրոպայի ախոյեան: Հայ բռնցքամարտիկներէն քիչեր յաջողած են երեք անգամ դառնալ Եւրոպայի առաջնութեան ախոյեան` Վլատիմիր Ենգիբարեան` 1955թ., 1957թ., 1959թ. եւ Իսրայէլ Յակոբկոխեան` 1985թ., 1989թ., 1991թ.:

Նշենք, որ բռնցքամարտի Եւրոպայի առաջնութեան բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մայիս 22-ին, ու շարունակուեցաւ մինչեւ այսօր՝ 30 Մայիս: Առաջնութեան կը մասնակցէր 39 երկրի 200-է աւելի մարզիկ: