ՀՀ Իշխանութիւնները Սփիւռքի Նկատմամբ Վերաբերմունքով Վնաս Կը Հասցնեն ՀՀ Պետականութեան. Անի Չաղլասեան (տեսանիւթ)

Հայաստան, Սփիւռք

Մայիս 29-ին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է քննարկում՝ «Հայրենիք-Սփիւռք, ներկայ ձախողումներ ու ապագայի վերականգնում» թեմայով։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Քննարկման մասնակցած են՝ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի խորհուրդի պատասխանատու Անի Չաղլասեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան, «Արեւելք» ելեկտրոնային լրատուամիջոցի խմբագիր Սաքօ Արեան, Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ համաշխարհային պատմութեան եւ անոր դասաւանդման եղանակի ամպիոնի վարիչ Խաչատուր Ստեփանեան։

«Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ կապերուն հսկայական վնաս հասցուած է ոչ միայն վերջին երկու տարիներուն, այլեւ 2018 թուականէն ի վեր՝ Հայ Դատի աշխատանքի տեսանկիւնէն»,- քննարկման ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի խորհուրդի պատասխանատու Անի Չաղլասեան:

«Այսպիսով՝ մինչ օրս «Հայ Դատ»-ի աշխատանքը նպատակաուղղուած եղած է Հայաստանի ամրապնդման, Արցախի անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի հաստատման: Եւ Սփիւռքը, ինչպէս նաեւ լոպպիստական աշխատանքը միշտ կեդրոնացած եղած են երկու երկրի կայունութեան վրայ: Այս 30 տարիներու ընթացքին եղած են դէպքեր, երբ մեր եւ տուեալ իշխանութիւններու ծրագրերը միշտ չէ, որ ամբողջութեամբ համընկած են: Այժմ շատ մեծ տարբերութիւն կայ մեր եւ Հայաստանի իշխանութիւններու նպատակներուն միջեւ»,- ընդգծած է «Հայ Դատ»-ի յանձնաժողովի խորհուրդի անդամը:

Անոր խօսքով՝ ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի ներկայ դեսպան Լիլիթ Մակունցը չէ ընդունուած ԱՄՆ հայ համայնքին կողմէ, քանի որ անոր հայեացքները յստակ կերպով կը հակասեն անկախ եւ ազատ Հայաստանի եւ Արցախի մասին Սփիւռքի նպատակներուն եւ երազանքներուն: