Վեց Հայեր՝ Լիբանանի Խորհրդարանի Անդամ

Աշխարհ, Սփիւռք

Լիբանանի մէջ, 15 Մայիսին տեղի ունեցան երեսփոխանական ընտրութիւններ եւ պիտի կազմուի նոր խորհրդարան մը, որ դէմ յանդիման պիտի գտնուի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ բարեկարգումներ իրագործելու գրաւականին դիմաց: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Կիրակի առաւօտեան ժամը 7-ին, Լիբանանի 15 ընտրաշրջաններուն մէջ քուէակեդրոնները բացուեցան, եւ ամբողջ օրուան ընթացքին լիբանանցիները քուէարկեցին:

Ներքին գործոց նախարարութիւնը երեկոյեան ժամը 10-ին յայտարարեց, որ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը հասած է 41.04 առ հարիւրի:

Մեծաթիւ լիբանանահայեր եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ իրենց ձայնը մեծամասնութեամբ տուին ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն:

Ըստ նախնական եւ ոչ պաշտօնական արդիւնքներուն՝ ՀՅԴ-ի ցանկէն խորհրդարանի անդամ ընտրուած են՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի (Մեթն), Ճորճ Պուչիքեան (Զահլէ) եւ Յակոբ Թերզեան (Պէյրութ)։

Խորհրդարանի անդամ ընտրուած են նաեւ Ժան Թալուզեան (Պէյրութ, անկախ),
Ժիհատ Բագրատունի (Պէյրութ, «Լիբանանեան ուժեր») եւ Փօլա Եագուպեան (Պէյրութ, անկախ)։