Երբ Կայ Նպատակ եւ Համոզում, Ամէն Ինչ Կրնայ Դառնալ Իրականութիւն․ Դաւիթ Իշխանեան (տեսանիւթ)
Ծանր է այստեղ ըլլալը Մայիս 9-ին․ Մայիս 9-ին մենք Շուշիի մէջ ազատագրման տօնը կը նշէինք։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի։ ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի խորհրդարանի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանը Եռաբլուրի մէջ:
«Մենք ոչ միայն պէտք է խոնարհինք, այլեւ պէտք է երդուինք մեր նահատակներու շիրիմին, որպէսզի կարենանք ոչ միայն այսօրուան, այլեւ ապագային միտուած քայլերով յաղթանակը կերտել։ Վերջապէս, ծանր է այստեղ ըլլալը Մայիս 9-ին. Մայիս 9-ին մենք Շուշիի մէջ ազատագրման տօնը կը նշէինք, բայց պէտք է մենք ունենանք այդ համոզումը եւ նպատակը․ երբ կայ նպատակ եւ համոզում, ամէն ինչ կրնայ դառնալ իրականութիւն, մենք այդպիսի ժամանակներ ապրած ենք»,- ըսած է Դաւիթ Իշխանեան։
-Պատահական չէ Երեւանի ու մարզերու մէջ ծաւալած դիմադրութեան շարժումը,- նշած է ան,- նաեւ վարչապետի հրաժարականի պահանջը։
«Կը ցաւիմ, որ վարչապետը այդ ամէնը խորութեամբ չընկալեր, չի գիտակցիր եւ համապատասխան քայլեր չի կատարեր։ Եւ վստահ եմ, որ այդ ամէնը տեղի պիտի ունենայ՝ եթէ ոչ կամովի, ուրեմն՝ պարտադրաբար»,- նշած է Դաւիթ Իշխանեան։
-Ես Արցախէն եմ,- ըսած է ան,- եւ ունիմ համապատասխան պարտաւորութիւն ու պատասխանատւութիւն, ամէն ինչ կը դիտարկեմ մեր նպատակներէն եւ այն սկզբունքներէն մեկնելով, որոնք մենք որդեգրած ենք 1988թ-ին։ Դաւիթ Իշխանեանը վստահեցուցած է, որ Ապրիլ 14-ին Արցախի խորհրդարանին կողմէ հնչած յայտարարութեան տեսակէտը, բարեբախտաբար, Արցախի մէջ ողջունելի է բոլորի համար, իսկ իր մօտեցումները կը բխին այդ տեսանկիւնէն։
