New York Times-ի Գովազդին Մէջ Բրիտանիոյ Վարչապետին Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Եղած է
Աշխարհի ամենշատ վաճաուող թերթերէն մէկուն՝ New York Times-ի Ապրիլ 25-ի թիւին մէջ զետեղուած գովազդով Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընին կոչ եղած է «արդարութիւն բերելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին»: Շեշտուած է, որ 1915-1923 թուականներուն ցեղասպանուած է 1․5 հայ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
Թերթի նշեալ թիւի 5-րդ էջի ստորին հատուածին մէջ պատկերուած է Ճոնսընը, անոր վերի հատուածը՝ Օսմանեան Թուրքիոյ վերջին շրջանին կրթութեան եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը զբաղցուցած Ալի Քեմալի նկարը, որ եղած է Ճոնսընի հօր մեծ հայրը:
Նկարներուն մէջտեղը կայ հետեւեալ գրութիւնը.
«Այս մեծ մարդը քու մեծ մեծ հայրդ է: Ան թուրք լրագրող ու քաղաքական գործիչ մըն էր: Անոր դաւաճան յայտարարեցին անոր համար, որ կ՝ուզէր պատժել Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուները: Վերջն ալ փողոցին մէջ սպաննեցին»:
Վարի աջ անկիւնը զետեղուած է Ճոնսընին ուղղուած վերոյիշեալ կոչը՝ «Արդարութիւն բեր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին»:
Ուշագրաւ է, որ թեմային անդրադարձած են նաեւ թրքական լրատուամիջոցները՝ նշելով, որ գովազդի պատուիրատուն հայ գործարար Րաֆֆի Մանուկեանն է:
