Նիկոլ Փաշինեանի Խաղաղութեան Օրակարգը Արցախի Մէջ Ոեւէ Մէկը Չ՝ընդունիր. Արթուր Մոսիյեան

Հայաստան

Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին՝ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Արցախի մէջ կայ քաղաքական համաձայնոոթիւն եւ նկատի ունէր Ազգային ժողովի մէջ բոլորի կողմէ ընդունուած միասնական յայտարարութիւնը՝ ի պատասխան Ապրիլ 13-ին Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, ուր ան խօսած էր Արցախի կարգավիճակի հարցով նշաձողը իջեցնելու մասին:  Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Արցախի ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Մոսիյեան:

«Արայիկ Յարութիւնեանը խօսեցաւ նաեւ ինքնորոշման իրաւունքի մասին եւ ըսաւ, որ մենք անկախութեան ուղիէն պիտի չի շեղինք: Ասոր շուրջ կայ քաղաքական համաձայնութիւն»,- ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, որ իրենց օրակարգը այն է, որ արցախցին ապրի Արցախի մէջ, ինքզինք համարէ արցախցի, ղարաբաղցի եւ հայ, Մոսիյեան ըսաւ. «Ատիկա կը նշանակէ, որ Նիկոլ Փաշինեանը քաղաքական օրակարգը կը տանի երկրորդ գիծ եւ մոլորեցնող յայտարարութիւններ կ՝ընէ: Արցախցին հիմա ալ կ՝ապրի Արցախի մէջ եւ կ՝ապրի իբրեւ հայ: Յետո՞յ: Մենք կը խօսինք Արցախի հարցի լուծման, Արցախի կարգավիճակին մասին: Վերջ ի վերջոյ, արցախցին հանրաքուէ իրականացուցած է, 44-օրեայ պատերազմին իբրեւ արդիւնք գրաւուած են Արցախի տարածքները, մենք ընդունած ենք բռնագրաւուած տարածքներու մասին օրէնք, բազմիցս յայտարարած ենք, որ կը բացառուի, որ Արցախը ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Նիկոլ Փաշինեանը փոխանակ այս հարցերուն պատասխանը տայ, ըսէ՝ համաձայն է արցախցիին հետ, թէ՝ ոչ, ինքը կը յայտարարէ, թէ արցախցին պէտք է ապրի Արցախի մէջ: Կը կարծեմ՝ ինքը ասով օրակարգէն կը շեղուի: Ան կը խուսափի խօսելէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի մասին: Մենք մեր անկախութեան ուղիէն պիտի չի շեղինք եւ կարգավիճակի հարցը պէտք է լուծուի ինքնորոշման իրաւունքի վրայ»:

Ինչ կը վերաբերի խաղաղութեան օրակարգին, ՀՅԴ գործիչը ըսաւ. «Ոեւէ մէկը աւելի քան արցախցին, խաղաղութեան գինը չի գիտեր, ոեւէ մէկը դէմ չէ արժանապատիւ խաղաղութեան: Ատիկա չի տեղաւորուիր Նիկոլ Փաշինեանի խաղաղութեան օրակարգին մէջ: Երբ ինքը սկսաւ խօսիլ խաղաղութեան դարաշրջանի մասին, մենք ունեցանք կորուստներ, ունեցանք զոհեր, տարածքներու կորուստներ: Ասիկա Նիկոլ Փաշինեանի խաղաղութեան օրակարգն է, ասիկա արցախցիներու պատկերացուցած խաղաղութեան օրակարգը չէ: Արցախցին կողմ է արժանապատիւ խաղաղութեան օրակարգին՝ առանց Նիկոլ Փաշինեանի»:

Արթուր Մոսիյեան կրկնեց, որ Արցախի մէջ քաղաքական համաձայնագիրը Արցախի ինքնորոշման եւ անկախութեան ուղին շարունակելու շուրջ է. «Համաձայնագիրը ասոր շուրջ է, իսկ մնացեալը մոլորութիւններ են, որ արցախիները ընդունած են խաղաղութեան օրակարգը: Նիկոլ Փաշինեանի խաղաղութեան օրակարգը Արցախի մէջ ոեւէ մէկը չ՝ընդունիր: Արցախցին դէմ չէ արժանապատիւ խաղաղութեան, մեր պատկերացուցած արժանապատիւ խաղաղութեան օրակարգը եւ Նիկոլ Փաշինեանի խաղաղութեան օրակարգը իրարու հետ որեւէ կապ չունին: Նիկոլ Փաշինեանինը խաղաղութիւն մուրալու օրակարգ է»: