Հայ Դատը Պաքուին Զինումը Կասեցնելու Եւ Հայաստանին Ու Արցախին Աջակցելու Կոչ Ըրաւ Քոնկրեսին
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հայ Դատի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան Երեքշաբթի օր 2023-ի պետական ամավարկը բանաձեւող՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան յանձնեց Հայ Դատի ակնկալութիւնները եւ առաջնահերթութիւնները։
Հայ Դատը յոյժ կարեւոր կը համարէ Ազրպէյճանին տրամադրուող ռազմական բոլոր աջակցութիւններուն անմիջական կասեցումը եւ Արցախին 50 միլիոն տոլարի աջակցութեան տրամադրումը։
Երիմեան շեշտեց, թէ Արցախի հայութեան դէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական նորագոյն արշաւէն եւ հայկական հողերու բռնագրաւումէն ետք ու Հայաստանի սահմաններէն ներս ատրպէյճանական շարունակուող ոտնձգութիւններուն լոյսին տակ, Քոնկրեսը պէտք է պատասխանատւութեան կանչէ Ալիեւի վարչախումբը։
Ան աւելցուց, թէ ազրպէյճանական բռնարարքներուն զոհ գացած արցախացիները անյապաղ կարիքը ունին ամերիկեան աջակցութեան, «իրենց բնիկ հողերուն վրայ ապահով կերպով վերահաստատուելու եւ իրենց կեանքը բնականոն հունին վերադարձնելու համար»։
Երիմեան նաեւ շեշտեց, թէ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւս պէտք է յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրուի, որպէսզի ամրապնդուի երկին ապահովութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը, որոնք թրքական եւ ատրպէյճանական ամէնօրեայ սպառնալիքները կը դիմագրաւեն։
Վկայութիւնը ամբողջութեամբ կարդալու համար այցելել կայքէջը։
