Նիու Եորքի «Թայմզ» Հրապարակը՝ Ապրիլ 24-ին

Աշխարհ, Սփիւռք

Երկու տարիէ ի վեր, Պսակաձեւ Ժահրի պատճառաւ, Նիու Եորքի հայութիւնը չէր կրցած հրապարակային ձեռնարկով մը նշել Ապրիլ 24-ը։

«Հայրենիք»-ի տեղեկութիւններով՝ Կիրակի, Ապրիլ 24-ին, նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը, աշխարհի կեդրոնը հանդիսացող քաղաքի բանուկ «Թայմզ» հարապարակին շուրջ:

Խօսք առնողներու շարքին էին քոնկրէսականներ՝ Ճէք Շումըր (Դեմոկրատական – Նիու Եորք), Ռապըրթ Մենենտէս (Դեմոկրատական – Նիու Ճըրզի) եւ Թոմաս Սուոզի (Դեմոկրատական – Նիու Եորք), որոնք դրուատեցին ամերիկահայութեան ներդրումը երկրի զանազան ոլորտներէն ներս։ «Հպարտ եմ, որ Ա․Մ․Ն․ ի վերջոյ պատշաճօրէն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յանձին նախագահ Պայտընի», ըսաւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Շումըր։

«Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ եւ շարունակ կը փորձէ ծածկել իր կատարած ահաւոր ցեղասպանութիւնը։ Պիտի շարունակենք այս գծով ճնշում բանեցնել եւ յատկապէս նաեւ դադրեցնել հետեւողական օժանդակութիւնը՝ Ատրպէյճանին, կանխելու համար նոր Ցեղասպանութիւն մը», յայտնեց Մենենտէս։

Թոմաս Սուոզի արծարծեց մարդկային իրաւունքներու հարցը, շեշտելով, թէ․- «Ներկայ օրերուն, կարելի չէ այսպէս շարունակել եւ ոտնակոխել մարդկային ամենադոյզն իրաւունքները։ Այս գծով, Թուրքիա կը մնայ խոցելի երկիր»։

Ներկայացուցիչ Թոմաս Քին (Հանրապետական – Նիու Ճըրզի) շեշտեց, թէ պիտի չմոռցուի երբեք աշխարհի պատմութեան առաջին ցեղասպանութիւնը։ Շատ աւելի մանրամասն տեղեկութիւններով ծերակուտական Ճոն Լիու (Դեմոկրատական – Նիու Եորք) քննադատեց Անգարայի կիրարկած ժխտող քաղաքականութիւնը։

«Վարդանանց Ասպետներ»-ու կողմէ կազմակերպուած այս հաւաքին խօսք առնողներու շարքին էին, նաեւ տոքթ․ Արա Չալեան (Հայ Դատ), Արամ Արքուն («Թէքէեան» Մշակութային Միութիւն), Նաթալի Գաբրիէլեան (Հ․Բ․Ը․Մ․), Պրայըն Արտունի («Արմինիըն Ասեմպլի»), Հայկ Խրլոբեան (Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան)։

Հայաստանեաց Մայր եկեղեցւոյ անունով բացման աղօթքն ու պատարագը կատարեց ծայրագոյն վարդապետ Դաւիթ Քարամեան, իսկ փակման խօսքն ու աղօթքը՝ Առաջնորդ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան։

Հանդիսութեան ընթացքին կատարուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր։