«Դիմադրութիւն» Շարժման Իրազեկման Երթը՝ Գարեգին Նժդեհի Հրապարակէն (նկարներ, տեսանիւթ)

Հայաստան

Այսօր, Ապրիլ 27-ին, Գարեգին Նժդեհի հրապարակէն սկիզբ առաւ «Զարթնի՛ր, լաո» «Դիմադրութիւն» շարժման իրազեկման բազմամարդ երթը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։

Երթէն առաջ, ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան կրկին կոչ ըրաւ դիմադրութեան նոր օճախներ ստեղծելու, այդպիսով աջակցելու համընդհանուր պայքարին, իսկ բողոքի ցոյցերուն հեռակայ հետեւող քաղաքացիներուն՝ միանալու օրէ օր մեծցող շարժման։

«Կոչ կ՝ընեմ մեր այն քաղաքացիներուն, որոնք հեռուստացոյցի առջեւ նստած՝ կը հետեւին մեզի, միանալու այս պայքարին։ Եթէ կ՝ուզէք ապրիլ անվտանգ, բարեկեցիկ, եթէ կ՝ուզէք ունենալ հայրենիք, դուրս եկէք փողոց»։

Ան անդրադարձաւ նաեւ երէկ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքին, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ուղեկցող ինքնաշարժներու շարասիւնի ոստիկանական մեքենան վրաերթի ենթարկած էր յղի կին մը եւ անօգնական ձգելով՝ հեռացած։ Կինը մահացած էր։

«Նիկոլի արիւնոտ ընթացքը պէտք է կասեցնել։ Երէկ իր շքախումբով, օրը ցերեկով քաղաքացին վրաերթի ենթարկեցին, անտարբեր անցան մօտէն։ Երէկուան քաղաքացին պէտք է ըլլայ Նիկոլի վերջին զոհը։ Ասոր արիւնոտ ընթացքը պէտք է կասեցնել։ Պայքարէն ետքայլ չկայ, նահանջ չկայ»,- ըսաւ Իշխան Սաղաթելեան։

«Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Նիկոլ դաւաճան», «Միացում» «Պայքար», «Յաղթանակ» վանկարկումներու ներքոյ երթը շարժեցաւ առաջ։

Քաղաքացիները ընտանիքներով պատշգամբներէն եւ պատուհաններէն կ՝ողջունէին երթի մասնակիցները՝ կը ծածանէին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները։ Ողջ երթի ընթացքին անդադար կը հնչէին հայրենասիրական երգեր։

Մեր պայքարը Նիկոլի դէմ չէ, Նիկոլը անցողիկ է, չկայ այլեւս, մեր պայքարը հայրենիքի համար է, մեր պայքարը Արցախի համար է, մեր պայքարը մեր երեխաներու, մեր փառահեղ նահատակ տղաներու գործը շարունակելու համար է․ դիմելով երթի մասնակիցներուն ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, բժիշկ-ազատամարտիկ Տարոն Տոնոյեան։

«Մեր պայքարը անկասելի է՝ թուրքը պիտի չի մտնէ Հայաստան։ Մենք պիտի յաղթենք ներքին, այնուհետեւ արտաքին թշնամիին, ամէն ինչ մեր ձեռքերուն մէջ է։ Փա՛ռք մեր նահատակ տղաներուն, յաւերժ փառք»,- ըսաւ Տարոն Տոնոյեան։

Երթի ընթացքում կը հնչէին յաղթական պայքարին միանալու կոչեր։

Նշենք, որ երթը պահ մը կանգ առաւ Լէօ-Պարոնեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ, ուր երէկ Նիկոլ Փաշինեանի ինքնաշարժներու շարասիւնը վրաերթի ենթարկած էր 28-ամեայ յղի կին մը։ Երթի մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին զոհուած կնոջ յիշատակը։

Այնուհետեւ, երթի մասնակիցները «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Նիկոլ դաւաճան» վանկարկումներով շարժեցան դէպի Ֆրանսայի հրապարակ, ուր աւարտեցաւ իրազեկման հերթական երթը։

Իշխան Սաղաթելեանը յայտարարեց երթերու աւարտի եւ Մայիս 1-ին պայքարի վճռական փուլ մտնելու մասին։ Ան նաեւ աւելցուց, որ այս օրերուն տարատեսակ ցոյցերը կը շարունակուին, իսկ Մայիս 1-ի հաւաքին վայրը պիտի յայտարարուի շուտով։

Նշենք, որ բողոքի ապակեդրոն զանգուածային գործողութիւններու 3-րդ օրն է։

Զուգահեռ երկրի խորհրդանշական 4 կողմերէն քայլերթեր կը կատարուին դէպի Երեւան, որպէսզի Մայիս 1-ին համընդհանուր հանրահաւաքով ներկայացնեն գործող իշխանութիւններու ապազգային քաղաքականութեան անվստահութիւն յայտնելու համաժողովրդական պահանջը։