Ուրուկուէյ Քննադատեց Չաւուշօղլուի Հակահայ Կեցուածքը
Ուրուկուէյի նախագահ Լուիս Ալպերթօ Լաքալէ Փօու քննադատեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուն՝ Մոնթեվիտէոյի մէջ հայ ցուցարարներուն ուղղութեամբ թուրք ազգայանամոլներուն՝ «Գորշ գայլեր»ուն, նշանը ցոյց տալուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Շատ ցաւալի է, որ Չաւուշօղլու խումբ մը հայերու ցոյց տուաւ թրքական ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր»ու շարժումին նշանը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին վերաբերմունքը պէտք է խիստ քննադատուի: Հայ համայնքը նեղացած է, եւ իրաւունք ունի», 25 Ապրիլին յայտնեց Ուրուկուէյի նախագահը:
