Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկներ՝ Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի Մէջ

Սփիւռք

Շաբաթ՝ Ապրիլ 23-ի երեկոյեան, Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ՝ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սիփան Ս. եպս. Քէչէճեանի նախագահութեամբ՝ կայացաւ Սրբադասուաց նահատակներու հսկման արարողութիւնը, ապա, աւելի ուշ, Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի համահաւաք։ Համահաւաքի ընթացքին արտայայտուեցան՝ առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Իսլ. խորհրդարանի Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեանը, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վրէժ Տէր-Մարտիրոսեանը եւ ոգեկոչման յանձնախումբի անունէն՝ Սեդա Բարղեանը։ Ծրագրի 2-րդ բաժինով տեղի ունեցան գեղարուեստական կատարումներ։ Այս մասին, ըստ «Ալիք»-ի, կը տեղեկացնէ Նոր Ջուղայի իրենց թղթակիցը:

Ապրիլ 24-ի առաւօտեան, Ս. Ամենափրկիչ վանքի Ս. Յովսէփ Արիմաթացի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, ապա շրջափակին մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ, իրականացուեցաւ ժողովրդական ծաղկեմատոյց։

Նշելի է, որ Ապրիլ 23-ի երեկոյեան Շահինշահրի մէջ նոյնպէս տեղի ունեցաւ բողոքի համահաւաք։ Ծրագիրով, որ իրականացուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, տեղի ունեցած էին արտայայտութիւններու շարան եւ գեղարուեստական բաժին։