Կարօ Փայլան Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Օրինագիծ Ներկայացուցած է Թուրքիոյ Խորհրդարան
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծ ներկայացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարան։
«Ակօս»-ի տեղեկութիւններով՝ Կարօ Փայլանի ներկայացուցած օրինագիծով կ՝առաջարկուի ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յստակացնել պատասխանատուները, հասարակական վայրերէն հեռացնել պատասխանատուներուն անունները, փոխարէնը տեղադրել Ցեղասպանութեան դէմ կանգնածներուն անունները, տուժածներուն եւ անոնց ժառանգներուն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն տալը։
