
Պոլսոյ Մէջ Թուրք Ֆաշիստները Վանտալութեան Ենթարկած Են Հայկական Դպրոցը
Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի թաղամասի Բոմոնտի շրջանի հայկական դպրոցի դարպասը վանտալութեան ենթարկուած է. անոր վրայ պատկերած են սվաստիկա։ Վանտալութեան ակտը տեղի ունեցած է Սուրբ Զատիկի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկներու նախօրէին։ Այս մասին կը յայտնէ International Christian Concern-ը։
«Երկիր»-ի տեղեկութիւններով՝ Պոլսոյ նոյն դպրոցը ոտնձգութիւններու ենթարկուած էր 2016 թուականի Նոյեմբերին, երբ անոր պատերուն կրաֆիտի յայտնուած էր՝ գրառումով. «գիշեր մը մենք յանկարծակի կը յայտնուինք Ղարաբաղի մէջ»: Նշենք, որ նման արտայայտութիւն-սպառնալիք Թուրքիան կը հնչեցնէ այն ժամանակ, երբ կը պատրաստուի ներխուժել որեւէ երկիր, օրինակ` Կիպրոս, Իրաք, Սուրիա, նաեւ՝ Արցախ: