
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ԱՄՆ-ի Դպրոցներուն եւ Համալսարաններուն Մէջ Դասաւանդելու Գծով Աշխատանք Կը Տարուի. Ելիզապէթ Չուլճեան (տեսանիւթ)
Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը կ՝աշխատի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսուցման համար 10 միլիոն տոլար ապահովելու ուղղութեամբ։ Օրինագիծը նախ՝ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ պիտի քուէարկուի Ապրիլ 24-ին ընդառաջ։ Ընդունուելու պարագային գումարը պիտի հատկացուի Քոնկրեսի գրադարանին՝ յառաջիկայ 5 տարին Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան, դասերու, հանգամանքներու եւ անոր ներկայ դրսեւորումներուն վերաբերեալ կրթական ծրագրեր իրականացնելու համար։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի մամուլի քարտուղար Ելիզապէթ Չուլճեան Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ օրինագիծի ընդունումէն ետք Հայոց Ցեղասպանութիւնը պիտի դասաւանդուի դպրոցներուն, համալսարաններուն եւ կրթական այլ կեդրոններու մէջ։
Ըստ Չուլճեանի՝ Ցեղասպանութեան հանգամանքերու ուսուցումը ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն ետք կարեւոր հանգրուան է։
Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, անոր խօսքով, կրնայ ներառուիլ, օրինակ, 7-րդ դասարանի պատմութեան դասագիրքին կամ գրականութեան դասագիրքին մէջ եւ այլն։
Ամբողջական հարցազրոյցը՝ տեսանիւթով.