Արցախի Թեմը Ուխտագնացութիւն Կը Կազմակերպէ Դէպի Դադիվանք

Հայաստան

Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Ներսէս քահանայ Ասրեանը Facebook-ի իր էջով կը տեղեկացնէ, որ Արցախի թեմը ուխտագնացութիւն կը կազմակերպէ դէպի Դադիվանք։

«Երկար սպասուած լուր մեր հաւատացեալներուն համար. Ս. Յարութեան տօնին Արցախի թեմը ուխտագնացութիւն կը կազմակերպէ դէպի Դադիվանք: Մասնակցիլ ցանկացողները հնարաւորինս արագ պէտք է արձանագրուին Ստեփանակերտի երկու եկեղեցիներէն որեւէ մէկուն մոմավաճառներուն մօտ»,- գրած է Տէր Ներսէս քահանայ Ասրեան։