
Քալիֆորնիոյ Փաստաբաններու Միութիւնը Կը Հետաքննէ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Վճարները
Քալիֆորնիոյ նահանգային փաստաբանական գրասենեակը կը հետաքննէ վճարումները Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, գրած է LA Times-ը։
Քալիֆորնիոյ փաստաբաններու միութեան գլխաւոր դատախազը յայտարարած է, որ Times-ի հետաքննութենէն ետք միութիւնը նորովի նայած է փաստաբաններու վարքագիծը Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած վնասի փոխհատուցման առանցքային գործերուն մէջ, ուր մանրամասն նկարագրուած են կաշառակերութեան եւ դրամական միջոցներու իւրացման դէպքերը:
«Նահանգի փաստաբանական գրասենեակը կը քննէ այս գործերը՝ որոշելու համար՝ արդեո՞ք որեւէ նոր տեղեկատւութիւն կայ, որ յետագայ գործողութիւններ պիտի պահանջէր»,- ըսած է նախկին դաշնային դատախազ, այժմ միութեան գլխաւոր դատական խորհրդական Ճորճ Քարտոնան, որ կը ղեկավարէ հետաքննութիւնը:
Միութիւն նախապէս պատժած էր փաստաբան մը եւ փորձած էր պատժել երկու ուրիշներ՝ Ցեղասպանութեան մասին գործին ծիրէն ներս:
«Սարսափելի անարդարութիւն կատարուած է, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ սպանուածներու ժառանգներուն մերժած են իրենց օրինական պահանջներուն հարցով»,- ըսած է Քարտոնան: Ան արդէն քրէական հետապնդման ենթարկուածները «այդ իւրացումներու անմիջական պատասխանատուն» անուանած է, բայց աւելցուցած է. «Նահանգի փաստաբանները պարտաւոր են միջոցներ ձեռնարկելու նոր ապացոյցներու առկայութեան պարագային»:
Քալիֆորնիոյ չորս օրէնսդիր, որոնց մէջ ԱՄՆ-ի պատգամաւոր Ադամ Շիֆը, կոչ ըրած են հետաքննելու թերթին մէջ նկարագրուած անօրինական գործողութիւնները:
Հրապարակման մէջ օգտագործուած են նոր յայտնաբերուած դատական արձանագրութիւնները՝ բացատրելու համար, թէ ինչպէս 2005 թ. Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն համար 17.5 միլիոն տոլարի լուծումը մթագնուեցաւ յետագայ տարիներուն դատական հայցերու ներկայացման գործընթացով, որուն իբրեւ արդիւնք գումարները կեղծ դիմողներու ուղարկուեցան եւ փաստաբանին, որ պաշտօնական դեր չունէր գործին մէջ: Ատիկա նաեւ բացայայտած է խախտումները բարեգործական միջոցներու բաշխման գործով, ինչպէս՝ աւելի քան 750,000 տոլարի, որոնք, ըստ հայկական եկեղեցական խումբերու, իրենք երբեք չեն ստացած:
Ամերիկահայ երեք փաստաբան՝ Լոս Անճելըսի նշանաւոր փաստաբաններ Մարք Կիրակոսը, Պրայեան Քապաթեգը եւ Կլենտէյլի փաստաբան Վարդգէս Եղիայեանը, գործի գլխաւոր փաստաբաններն էին: Համաձայն դատական արձանագրութիւններուն եւ իշխանութիւններուն ներկայացուած բողոքներուն՝ վերջին տասնամեակին դիմողներէն եւ դատարանի կողմէ նշանակուած վէճերու լուծման յանձնաժողովի անդամներէն բողոքներ ստացուած են երեք փաստաբաններուն եւ այլոց դէմ: