
«Յայտարարեց, Որ Թուրքերը 1 Միլիոն Հայ Կոտորած Են Ու Նոպէլեան Մրցանակ Ստացաւ». Թրքական Մամուլը՝ Փամուքի Մասին
Թրքական լրատուամիջոցները անդրադարձած են հայ հասարակութեան քաջ յայտնի թուրք գրող Օրհան Փամուքի ամուսնութեան թեմային: Բայց աւելի շատ շեշտած են այն հանգամանքը, որ Փամուքը ժամանակին զուիցերիական «Das Magazin» ամսագիրին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած էր, որ թուրքերը կոտորած են 1 միլիոն հայ։
«Ու անկէ ետք անոր շնորհուած է Նոպէլեան մրցանակ»,- գրած է «Yeni Cag» թերթի ելեկտրոնային կայքը՝ ըստ Ermenihaber.am-ի։
Նշենք, որ Փամուքը 2006-ին արժանացած է Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի։ Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են աշխարհի աւելի քան 50 լեզուներով, նաեւ՝ հայերէն։
Փամուքը օրինականացուցած է Պողազիչի համալսարանի Միջազգային քաղաքականութեան բաժանմունքի շրջանաւարտ Ասլը Աքեաւաշի հետ արդէն 10 տարի ունեցած յարաբերութիւնները եւ Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանի համայնքապետարանին մէջ արձանագրած իրենց ամուսնութիւնը:
Փամուքի կինը 2002 թուականին կրթական ծրագրի մասնակցած է ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ: Թուրքիոյ մէջ զբաղցուցած է առողջապահութեան ոլորտի ղեկավար պաշտօններ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ ազգայանական շրջանակները Օրհան Փամուքին կը վերաբերին թշնամաբար, քանի որ ան խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ մեղադրելով թուրքերը 1 միլիոն հայ եւ 30 հազար քիւրտ կոտորելու մէջ: