Թշնամիդ Ալ Յարգանքով Կը Վերաբերի, Եթէ Ազատութիւնդ, Անկախութիւնդ Պարտադրես Իրեն․ Վահրամ Բալայեան

Հայաստան

Պրիւքսէլի մէջ հնչեցուած ընդհանրական յայտարարութեան մէջ տեսանելի չէ եւ ընդհանրապէս չի խօսուիր Արցախի ապագային մասին։ Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, ՀՅԴ անդամ Վահրամ Բալայեան։

«Կարելի է ենթադրել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դադրած է Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորը ըլլալէ եւ, փաստօրէն, ՀՀ վարուող արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէջ տեսանելի չեն Արցախի կարգավիճակին, անոր ճակատագրին, ապագային հետ կապուած հարցերը»,- ըսած է ան։

Վահրամ Բալայեան կը կարծէ, որ ատիկա հայկական դիւանագիտութեան բացթողումն է, որովհետեւ Ազրպէյճանը, բնականաբար, անընդհատ պիտի ճնշէ, պիտի փորձէ ընել այնպէս, ինչպէս անընդհատ կը հնչեցնէ՝ իբր թէ Լեռնային Ղարաբաղ չկայ, հարցը փակուած է, եւ, ըստ էութեան, Հայաստանի իշխանութիւններն ալ համակերպուած են այդ ամէնուն։

«Կը կարծեմ, այստեղ պէտք է բաւական աշխատանք կատարել եւ վերադառնալ մինչեւ պատերազմը եղած իրողութիւններուն»,- ըսած է ան։

Արցախի ԱԺ-ն յայտարարութիւն տարածեց, ուր Արցախի հարցին շուրջ համազգային մոպիլիզացիայի կոչ կ՝ընէր Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան, Սփիւռքի մակարդակով։

Հարցերը կրնանք լուծել միայն այդ ճանապարհով՝ ըսած է Վահրամ Բալայեան։

«Մենք այդ ասպարէզին մէջ ունինք յաջողութիւն․ 1994-ի մեր յաղթանակը արձանագրեցինք այդ իսկ եռամիասնութեան շնորհիւ։ Այս հարցով նոյնպէս պէտք է վերադառնալ այն շրջանին, որովհետեւ ուրիշները չեն կրնար մեր հարցերը ապահովել, որովհետեւ անկախ բարեկամական մօտեցումներէն, դաշնակցային յարաբերութիւններէն, ամէն ազգ պարտաւոր է իր հիմնախնդիրները լուծելու։ Եւ յարգանքով կը վերաբերին այն ազգերուն եւ ժողովուրդներուն, որոնք կ՝ընթանան նման ճանապարհով, նոյնիսկ թշնամին ալ յարգանքով կը վերաբերի, եթէ միւսներուն դռները չես ինար, խնդրագրեր չես ուղակեր, որեւէ տեղ նաեւ ազատութիւնն, անկախութիւնդ կը պարտադրես անոնց, որոնք կը բռնանան այդ ամենուն վրայ»,- ըսած է Վահրամ Բալայեան։

Անոր համոզումով, ասիկա միակ ճանապարհն է․ այդ ներուժը, հնարաւորութիւնը Հայութիւնը ունի իր ուսերուն վերցնելու եւ այդ հարցին լուծումը ապահովելու։

Դաշնակցութիւնը յայտարարած է համազգային դիմադրութեան շարժման մասին, որուն ծիրէն ներս, տարբեր երկիրներու մայրաքաղաքներու եւ տարբեր մարզերու մարզկեդրոններու մէջ կը բարձրացուի Արցախի դրօշը․ ասիկա, ի հարկէ, քարոզչական նշանակութիւն ունի, բայց նաեւ ցաւալի է, որ Արցախի դրօշն իբրեւ բողոքի նշան կը բարձրացնենք։

Վահրամ Բալայեանը անհրաժեշտ կը համարէ, որ հասարակական գիտակցութեան մէջ փոփոխութիւն մտցուի․ հասարակութիւնը, անոր համոզումով, պէտք է պատասխանատու եւ պահանջատէր դառնայ, որովհետեւ այսօր բաւական անգործ է։

«Կը տեսնենք, որ Արտաշատի մարզկեդրոնին մէջ բարձրացուած Արցախի դրօշը գողցած էին․ ասիկա նոյնպէս կը խօսի հասարակութեան անտարբերութեան մասին, որ տեսակ մը իրեն համար բեռ կը համարէ այդ ամէնը։ Մինչդեռ իրականութեան մէջ հասարակութեան ամէն անդամ պէտք է մտահոգ ըլլայ, որոովհետեւ Արցախի ճակատագիրը նաեւ իր ճակատագիրն է»,- ըսած է ան։

Վահրամ Բալայեան համոզուած է, որ թշնամին պիտի չի բաւարարուի Արցախը կլանելով, Սիւնիքը կլանելով, այլ որքան հնարաւոր է՝ այդքան ալ առաջ պիտի գայ։ Եւ այսօր Երեւանի, Գիւմրիի մէջ ապրողը պէտք է հասկնայ, որ մարտական գործողութիւնները իր իսկ բակին մէջ կ՝ընթանան, իր շեմին։ Պետք է կրկին ձեռք-ձեռքի տալ եւ հարցին լուծում ապահովել։