«36 Հազար Հայ՝ Ներքին Տեղահանուած»․ Amnesty International-ի Տարեկան Զեկոյցը

Աշխարհ, Հայաստան

Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու խնդիրին անդրադարձ եղած է Amnesty International-ի տարեկան զեկոյցին մէջ։ Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը՝ յղելով 2021-ի Սեպտեմբերին  հրապարակուած Եւրոխորհուրդի զեկոյցին, նշած է, որ տասնեակ գերիներ կը շարունակեն մնալ անմարդկային պայմաններու մէջ եւ կ՝ենթարկուին արագացուած, անարդար դատավարութիւններու։

Յետպատերազմեան իրավիճակն ու հայ ռազմագերիները

Amnesty International-ի հրապարակած տարեկան զեկոյցին համաձայն՝ ո՛չ Հայաստանը, ո՛չ ալ Ազրպէյճանը որեւէ յառաջընթաց գրանցած են 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ տեղի ունեցած պատերազմական յանցագործութիւններն ու միջազգային մարդասիրական իրաւունքի այլ խախտումները հետաքննելու ուղղութեամբ։

Amnesty International-ը զեկոյցով քննադատած է Ազրպէյճանի իշխանութիւնները՝ մինչ օրս տասնեակ հայ գերիներ Պաքուի մէջ պահելու համար։

Թէ քանի գերիի մասին է խօսքը՝ զեկոյցը չէ յստակեցուցած՝ նշելով միայն, որ նախորդ տարեվերջի դրութեամբ Ազրպէյճանի մէջ կը պահուէին աւելի քան 60 հայ գերիներ․

Դեռ 2021-ի Սեպտեմբերին Եւրոխորհուրդը իր զեկոյցով մտահոգութիւն յայտնած էր «տասնեակ հայ գերիներու՝ անմարդկային պայմաններու մէջ գտնուելուն եւ արագացուած, անարդար դատավարութիւններու ենթարկուելուն» փաստերու կապակցութեամբ։

Մէջբերելով Եւրոպայի խորհուրդի նախագահին խօսքերը, թէ գերիները վերադարձնելու դիմաց Երեւանը Պաքուին փոխանցած է ականապատ դաշտերու քարտէզներ, որոնց ճշգրտութիւնը Ազրպէյճանը կը վիճարկէ՝ զեկոյցը կը պնդէ, թէ պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ «հայկական կողմի տեղադրած ականներուն պատճառով» զոհուած կամ վիրաւորուած է աւելի քան հարիւր մարդ։

Տեղահանուած արցախցիներուն խնդիրները

Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը արձանագրած է, որ պատերազմէն ետք փախստականներուն մեծ մասը վերադարձած է Ստեփանակերտ եւ ԼՂ-ի՝ հայկական կողմի վերահսկողութեան տակ մնացած այլ տարածքներ, բայց այդ մարդիկ կը շարունակեն բախիլ կրթական, առողջապահական եւ կենցաղային տարբեր խնդիրներու։

«Շուրջ 36 հազար հայ կը շարունակէ ըլլալ ներքին տեղահանուած։ Անոնցմէ 24 հազարը՝ երկարաժամկէտ, քանի որ իր տունը ձգած է այն տարածքներուն մէջ, որոնք այժմ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ են»,- ըսուած է զեկոյցին մէջ։

Խօսքի ազատութիւնը Հայաստանի մէջ

Անդրադառնալով ներհայաստանեան իրավիճակին՝ միջազգային կազմակերպութիւնը ընդգծած է, որ իշխանութիւններուն ջանքերով խօսքի ազատութիւնը կը շարունակէ սահմանափակուիլ․

«Նախորդ տարուայ Մարտին Ազգային ժողովը բարձրացուց վիրաւորանքի ու զրպարտութեան համար նախատեսուած տուգանքի վերին շեմը՝ հասցնելով 6 միլիոն դրամի (մօտ 12 հազար տոլար)։ Օգոստոսին քրէականացուեցաւ հանրային գործիչներուն վիրաւորանք հասցնելը»։

Զեկոյցին համաձայն՝ 2021-ին բողոքի ցոյցերն ու հանրահաւաքները Հայաստանի մէջ մեծ մասամբ արտօնուած եղած են՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ տարեսկիզբին գործադիրը չեղարկած էր համավարակի պատճառով եւ անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով ընդունուած սահմանափակումները, ինչպէս՝ հաւաքներու իրականացումը։

Amnesty International-ը ընդգծած է, որ ՀՀ Գլխաւոր դատախազութիւնն ու իրաւապահ այլ մարմիններ ձախողած են պատերազմէն ետք շարք մը ՀԿ-ներու եւ ԶԼՄ-ներու դէմ կազմակերպուած յարձակումներուն վերաբերեալ արդիւնաւէտ հետաքննութեան իրականացման գործին մէջ։

JAMnews