
Պաշտպանելով Արցախը՝ Պաշտպանենք Հայաստանը. Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը Ապրիլ 5-ին, Ժամը 18.30-ին Հանրահաւաքի Կը Հրաւիրէ
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Ծանր վիճակի մէջ է Հայրենիքը, ծանր վիճակի մէջ ենք բոլորս։
Այս իշխանութիւնը պատրաստ է Արցախը ձգել Ազրպէյճանի կազմին մէջ։
Այս իշխանութիւնը կը կատարէ թուրք-ազրպէյճանական բոլոր պահանջները։
Պարտուած ու անկարող գործող խմբակը միայն մէկ նպատակ ունի՝ երկարաձգել իր իշխանութիւնը։
Անոնք կը վտանգեն մեր պետականութիւնը, մեր ապագան, մեր կեանքը։
Ժողովուրդի գլխուն կախուած նոր սպառնալիքները պիտի մտնեն իւրաքանչիւր տուն, իւրաքանչիւր ընտանիք։
Այս ընթացքը պէտք է կասեցնել։
Արցախի կողքին կանգնելով՝ պարտաւոր ենք փրկել մեր արժանապատւութիւնը, մեր հայրենիքը, մեր ապագան։
Մեզ բերած են սահման մը, որմէ այն կողմ ազգային անդառնալի նուաստացումն է եւ ինքնիշխանութեան կորուստը։
Յարգելի՛ հայրենակիցներ,
Ապրիլ 5-ին, ժամը 18.30-ին բոլորս միասին, անկախ մեր քաղաքական հայացքներէն եւ կուսակցական պատկանելիութենէն հաւաքուինք «Ազատութեան» հրապարակ։
Կը դիմենք բոլորին, կուսակցութիւններուն եւ անհատներուն, մտաւորականութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն, հայաստանցիներուն, արցախահայութեան եւ Սփիւռքին:
Կանգնինք կողք-կողքի, միասին ներկայացնենք մեր պահանջները։
Ապացուցենք, որ հայ մարդը կամք ու վճռականութիւն ունի։
Պաշտպանելով Արցախը՝ պաշտպանենք Հայաստանը։ Պաշտպանենք մեզ եւ մեր երեխաները։
Ապրիլ 5, 18.30, «Ազատութեան» հրապարակ։
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութիւն
ՀՀ ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւն