
ԱՄՆ Հայկական ու Յունական Լոպպիները Արգելափակած են Նոր F-16 Կործանիչներու Վաճառքը Թուրքիոյ. Թուրքիոյ ՊՆ-ն Բողոքած է
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Յուլուսի Աքարը CNNturk-ի եթերով նեղսրտած է, որ Ամերիկայի հայկական ու յունական լոպպիները արգելափակած են նոր F-16 կործանիչներու վաճառքը Թուրքիոյ եւ թրքական սպառազինութեան մէջ առկայ F16-երու արդիականացումը։
Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը երկար ժամանակէ ի վեր կ՝աշխատի Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութեան բոլոր տեսակներու վերացման եւ Թուրքիոյ ամերիկեան ռազմական սարքերու վաճառքի արգելքին հասնելու համար։
Այս աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են նաեւ յունական եւ քրտական համայնքները։ Սերտ համագործակցութիւն հաստատուած է յատկապես Hellenic American Leadership Council կազմակերպութեան միջեւ։

Լուսանկարը ցոյց կու տայ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին ձեւաւորած համայնքային միացեալ կառավարութիւնը, որ ամերիկեան Քոնկրէսին մէջ իրապէս քաղաքական գործօն է։
Յ․Գ․ Փետրուարի սկիզբը առաւել քան 50 քոնկրէսականներ միացած էին այն արշաւին, որուն արդիւնքներէն բողոքած է թուրք նախարարը։
Գեւորգ Ղուկասեան
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագրերու պատասխանատու, քաղաքագետ