Bayraktar TB-2-ի Հարուածէն ՊԲ 3 Զինծառայող Զոհուած է

Աշխարհ, Հայաստան

Մարտ 25-ին Արցախի արեւելեան սահմանագօտիին վրայ ԹՇՆԱՄԻի ձեռնարկած սադրանքներուն, մասնաւորապէս` Bayraktar TB-2 տեսակի հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու կիրառման հետեւանքով՝ զոհուած են Պաշտպանութեան Բանակի պայմանագրային զինծառայողներ Դաւիթ Ռոպերթի Միրզոյեանը (ծնած 1978թ.),  Իշխան Սերժիկի Օհանեանը (ծնած 1994թ.) եւ Արարատ Վագիֆի Թեւոսեանը (ծնած 1990թ.):

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողներու հարազատներուն եւ համածառայակիցներուն:

ԱՀ ՊԲ մամուլի ծառայութիւն