
Ազրպէյճանական Ստորաբաժանումները Մարտի Կրակ Բացած են ՊԲ Ստորաբաժանումներուն Վրայ․ Հայկական Կողմը Ունի 1 Վիրաւոր
Մարտ 24-ին, Ազրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները, կոպտօրէն խախտելով 2020թ. Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութեան պահանջները, ներխուժած են Արցախի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատւութեան գօտի, վերահսկողութեան տակ վերցնելով Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղն ու յարակից դիրքերը, ապա փորձած յառաջխաղացում ապահովել Արցախի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանագօտիին վրայ։ Այս մասին կը հաղորդեն ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն։
«Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին եւ Արցախի համապատասխան մարմիններուն կողմէ ժամեր տեւած բանակցութիւնները էական արդիւնքներ չեն տուած, եւ թշնամին չէ վերադարձած ելման դիրքեր: Աւելին. ազրպէյճանական ստորաբաժանումները Մարտ 24 լոյս 25-ին կրակած են ՊԲ ստորաբաժանումներուն վրայ՝ կիրառելով ինչպէս տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ, այնպէս ալ հարուածային ԱԹՍ:
Ծաւալուած փոխհրաձգութեան իբրեւ արդիւնք՝ թշնամին տուած է առնուազն 5 զոհ: Հայկական կողմէն կայ մէկ վիրաւոր։
Ժամը 09։00 դրութեամբ իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն է։
Կ՝ակնկալենք, որ ռուս խաղաղապահները միջոցներ պիտի ձեռնարկեն ազրպէյճանական ստորաբաժանումները ելման դիրքեր վերադարձնելու ուղղութեամբ»։