
Ռուսերը Այս Իրավիճակէն Դուրս Գալու Երկու Ճանապարհ Ունին Միայն․ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան
Քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է.
«Եթէ ազրպէյճանցիները շատ արագ դուրս չշպրտուին Փառուխէն ու յարակից բարձունքներէն, պիտի նշանակէ Մարիուփոլի ու Իզիւմի մէջ ռուսական զօրքերու այսօրուան յաջողութիւնները առ ոչինչ են։
Մենք պէտք է լաւ հասկնանք աշխարհաքաղաքական ժամանակակից իրողութիւններն ու մեր շուրջը տեղի ունեցող զարգացումներուն տրամաբանութիւնը։ Արցախն ու Ուքրանիան Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի հակամարտութեան հիմնական նպատակները չեն։ Նպատակները այլ են՝ շատ աւելի համաշխարհային։ Արցախն ու Ուքրանիան այդ հակամարտութեան երկու ճակատներն են միայն։ Եւ եթէ Ռուսիոյ մէջ իսկապէս կը կարծեն, որ երկիրը իր ազդեցութեան նախկին գօտիները վերականգնելու բաւարար կարողութիւն ունի, ուրեմն անոնք գործնականօրէն պէտք է ցոյց տան, որ ի վիճակի են երկու, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ երեք, չորս ճակատներ սպասարկելու։
Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը այսօր յայտնուած է ձախողման եզրին։ Անոնք պատասխանատւութիւն ստանձնած են մեր աշխարհաքաղաքական ճակատին վրայ կայունութիւն ապահովելու համար եւ կը տապալեն այդ գործը։ Խայտառակ ձեւով կը տապալեն։
Ռուսերը այս իրավիճակէն դուրս գալու երկու ճանապարհ ունին միայն։ Առաջինի մասին արդէն գրեցի՝ անոնք պէտք է վռնտեն ազրպէյճացիները իրենց ելման դիրքեր։
Աւելին՝ պէտք է պատժեն անոնց այս լկտի պահուածքին համար։ Ասիկա այդ խնդրի լուծման հայանպաստ տարբերակն է։ Բայց կայ նաեւ երկրորդ ուղին, որ պարզապէս կործանարար պիտի ըլլայ մեզի համար։ Այն է՝ ռուսական կողմը կը լռեցնէ հայերու դժգոհութիւնը եւ տեսք կ՝ընդունի, իբրեւ Արցախի մէջ որեւէ լուրջ բան տեղի չէ ունեցած։ Դժուար այս շրջանի համար, ասիկա, ի հարկէ, ժամանակաւոր լուծում է Ռուսիոյ համար։ Բայց անիկա կայ եւ մեր՝ իբրեւ ժողովուրդ, հիմնական խնդիրը պէտք է ըլլայ մէկը՝ թոյլ չտալ, որ յանկարծ նման բան տեղի ունենայ։
Ըսեմ նաեւ, որ իշխանութիւններէն որեւէ յոյս չկայ։ Այդ հարցը մեր հանրութիւնը պէտք է լուծէ՝ գործի դնելով իր ողջ ուժը՝ լրատուամիջոցներ, փորձագիտական հանրութիւն, քաղաքական ուժեր, մտաւորականութիւն եւ այլն, եւ այլն։ Ի դէպ, այդ ամէնուն համար մենք շատ քիչ ժամանակ ունինք՝ բառացիօրէն մէկ-երկու օր»։