
Ազրպէյճանցիները Գրաւած են Արցախի Փառուխ Գիւղը, Կրակոցներ Չեն Հնչած, Բոլորը Տարհանուած են․ Համայնքապետ
Ռուս խաղաղապահները այժմ կը բանակցին գիւղ մտած ազրպէյճանական կողմին հետ։ Այս մասին Factor.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի Ասկերանի շրջանի Փառուխ բնակավայրի համայնքապետ Վարդան Միքայէլեան։
«Չենք կրնար մօտենալ գիւղին, որ հասկնանք՝ ինչ կը կատարուի, գիւղէն 3-4 քմ հեռաւորութեան վրայ ենք։ Միայն գիւղը գրաւած են, կրակոցներ չեն հնչած, բոլորը տարհանուած են»,- մանրամասնած է Միքայէլեանը։ Ան ըսած է, որ չի գիտեր՝ ազրպէյճանցիները կը յառաջանան, թէ՝ ոչ։
Ասկերանի շրջանի Խրամորթ համայնքի կանայք ու երեխաները եւս տարհանուած են։ Խրամորթի վարչական ղեկավար Զօրիկ Աբրահամեանի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին վերջինս նշած է՝ «Վիճակը այն չէ»։