Իտալացի Երեսփոխանները Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացումը

Աշխարհ, Հայաստան

Պարտաւոր էինք աջակցիլ Մարտ 10-ին Եւրոխորհրդարանի կողմէ ընդունուած «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին» բանաձեւին. անտարբեր մնալը պիտի ըլլար «անընդունելի պատասխանատւութեան կիսում»: 

Այս կարծիքը յայտնած են իտալացի պատգամաւորներ, «5 աստղ» շարժման ներկայացուցիչ Ֆապիօ Մասիմօ Գասդալտոն եւ «Լեկա» կուսակցութեան անդամ Սուսաննա Չեգարտին, որոնք պաշտպանած են բանաձևը։

Վկայակոչելով Agenzia Nova գործակալութիւնը՝ Armenpress.am-ը կը յայտնէ, թէ Գասդալտոն նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն բռնի ուժով արմատախիլ ընել բնիկ հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնը»:

«Յուշարձաններ, միջնադարեան վանքեր, եկեղեցիներ, դամբարաններ. յարգանք չկայ ոչ ողջերու, ոչ մեռածներու հանդէպ: Անցեալը ջնջելով՝ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կ՝ուզեն արդարացնել տարածաշրջանի համար իրենց մտածած ապագան, սակայն մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ ատիկա տեղի ունենայ։ Եւրոխորհրդարանը պէտք է յստակ ըլլայ եւ խնդրէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն անյապաղ վերջ դնել այս բարբարոսական վանտալութեան եւ սկսիլ կառուցողական եւ ներառական երկխօսութիւն տարածաշրջանի մէջ»,- աւելցուցած է «5 աստղ»-ի ներկայացուցիչը։

Ան նշած է, որ իրենք կ՝աջակցին UNESCO-ի առաքելութեան՝ դատապարտելով այդ առաքելութիւնը խոչընդոտելու Պաքուի գործողութիւնները: «Պատմութիւնը չի կրնար վերաշարադրուիլ ծաւալապաշտական նկրտումները արդարացնելու համար: Պարտաւոր էինք աջակցիլ այս բանաձեւին, որ ընդունուած է ճնշող մեծամասնութեամբ եւ ունի մեծ կարեւորութիւն»,- եզրափակած է Գասդալտոն։

Չեգարտին նշած է, որ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան՝ եկեղեցիներուն, թանգարաններուն, նաեւ գերեզմանատուներուն հասցուած վնասը նպատակ ունի ջնջելու ողջ ժողովուրդի մը դարաւոր յիշողութիւնը:

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորը յայտարարած է, որ անթուլատրելի է համակերպուիլ այս ծաւալի մշակութային ցեղասպանութեան հետ:

«Հայկական մշակոյթը արդէն տեսած է անցեալ տարիներուն իր պատմութեան հատուածներու համակարգուած ջնջումը, ինչպէս 2005-ին, երբ Նախիջեւանի Ջուղայի գերեզմանատունը պնեւմատիկ մուրճով աւերուեցաւ. միջնադարուն տուֆի վրայ նրբօրէն փորագրուած հազարաւոր խաչքարեր մէկընդմիշտ վերացուեցան: UNESCO-ն պարտաւոր է, ինչպէս նշուած է մեր ընդունած բանաձեւին մէջ, այցելել տարածաշրջան, գոյքագրել եւ պահպանել ժառանգութիւնը: Անտարբերութիւնը անընդունելի համատեղ մեղսակցութիւն է»,- ըսած է Չեգարտին։