Արցախի Աւելի Քան 30 Հազար Փոքրիկներ Մնացած Են Առանց Ջեռուցման ու Տաք Ջուրի․ ԱՀ ՄԻՊ
Արցախի աւելի քան 30 հազար փոքրիկներ մնացած են առանց ջեռուցման ու տաք ջուրի։ Այս մասին Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։
«Կը հարցնէք՝ ինչն է պատճա՞ռը։ Պատճառը Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ Արցախին Հայաստանէն հասնող կազի մատակարարման միտումնաւոր ընդհատումն է։ Ասիկա ուրիշ բան չէ, քան մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն»,-նշուած է գրառման մէջ։
