Յոյն Պատմաբանի Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքին Շնորհանդէսը՝ Աթէնքի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Աթէնքի Պացիուլաս հրատարակչութեան գրախանութին մէջ տեղի ունեցած է յոյն պատմաբան Ալեքսանդրոս Բիղատասի «Ազգ ու ազգային փոքրամասնութիւններ․ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւն» գիրքին շնորհանդէսը։ Այս մասին կը յայտնեն Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն։

Շնորհանդէսին մասնակցած է Յունաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեան։  

Դեսպան Մկրտչեան, իր խօսքին մէջ, ողջունած է նշեալ աշխատութիւնը եւ կարեւոր համարած է անոր առանձնայատկութիւնները: Ան, մասնաւորապէս, առանձնացուցած է աշխատութեան մէջ ընդգծուած այն հանգամանքը, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը որքան ազդած է յունահայ համայնքի ձեւաւորման վրայ: Դեսպանը նաեւ կարեւոր համարած է երիտասարդ գիտնականին կողմէ առանձնացուած այն միտքը, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ոչ միայն կարեւորութիւն ունի պատմական յիշողութեան եւ արդարութեան վերականգման համար, այլ նաեւ՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն, եւ այդ իմաստով Ցեղասպանութեան ճանաչումը Ցեղասպանութիւնը գործածներու իրաւայաջորդներուն կողմէ միայն կրնայ խորհրդանշել տուեալ պետութեան եւ հասարակութեան հասունութիւնը:

Դեսպանը նաեւ անրադարձած է ՄԱԿ-Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդին մէջ Հայաստանի հեղինակած «Ցեղասպանութեան կանխարգելման բանաձեւեր»ու կարեւորութեան, եւ ընդգծած այն հանգամանքը, որ բազմաթիւ պետութիւններ, ներառեալ Յունաստանը, հանդես եկած են իբրեւ բանաձեւի համահեղինակ:

Գիրքին մէջ կ՝ուսումնասիրուին հայ ժողովուրդի պատմութեան ցաւալի էջերը, Ցեղասպանութեան նախորդած իրադարձութիւնները եւ հանգամանքները, միաժամանակ անդրադարձ կը կատարուի հայկական սփիւռքի ձեւաւորման գործընթացին, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան յանցագործութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման ուղղուած ջանքերուն։ Գիրքը իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունի Հայկական հարցի, ինչպէս նաեւ հայերը ծրագրուած բնաջնջելու քաղաքականութեան շուրջ իմացութեան գործին մէջ:

Գիրքի շնորհանդէսին խօսք առած է նաեւ Յունաստանի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յարութիւն Սպարթալեան։