Արցախի Մէջ Թշնամիի Կրակոցները Անտեսելով՝ ՀՀ Իշխանութիւնը Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութեան Պայմանագրի Մասին Կը Խօսի
Մէկ շաբաթէն աւելի Արցախի մէջ տիրող խիստ լարուած իրավիճակին ի տես, երբ ազրպէյճանական կողմը խոշոր տրամաչափի ականանետեր կ՝արձակէ Արցախի գիւղերուն վրայ, երբ թշնամին կը սպառնայ արցախցիներուն իրենց հայրենի գիւղէն դուրս հանել, կը խոչընդոտէ Արցախ մտնող կազատարի վերանորոգումը, երբ Արցախի Խորհրդարանը կ՝ահազանգէ մարդասիրական աղէտի մասին, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը բարձրաձայնեն ազրպէյճանական կողմի հայատեացութեան, նացիզմի եւ ահաբեկչութեան դրսեւորման մասին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը, այս ամէնը դատապարտող մէկ բառ անգամ չըսելով, կրկին կը խօսի խաղաղութեան պայմանագրի մասին: Այս մասին կը հաղորդէ
yerkirmedia.am-ը։
Հայաստաննը յառաջիկային կրնայ դիմել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններ նախաձեռնելու հարցով: Այս մասին այսօր, Armenpress.am-ի հարցին ի պատասխան, ըսած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Վահան Յունանեան:
-Հայաստանը բազմիցս յայտարարած է Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու պատրաստակամութեան մասին, նման յայտարարութիւններ ըրած է նաեւ Ազրպէյճանը: Այս ուղղութեամբ յստակ քայլեր կը ձեռնարկուի՞ն:
-Պայմանագրի ստորագրման, բնականաբար, պէտք է նախորդէ այդ նիւթով բանակցային գործընթացը, ու քանի որ փոխադարձ յայտարարութիւնները մինչեւ օրս յստակ բանակցային գործընթացի չեն վերածուած, քանի որ երկու երկիրները ուղիղ բանակցութիւններու հարուստ փորձ չունին, Հայաստանը յառաջիկային թերեւս դիմէ միջնորդներուն (ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահութեան) Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններ նախաձեռնելու հարցով: Հարցը ներկայիս կը գտնուի մշակման փուլի մէջ:
