Վարդանանցի, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախի Ազատագրութեան Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի Դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 24 Փետրուար 2022-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանցի, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախի ազատագրութեան ոգեկոչում:
Դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբի անունով բացման խօսք արտասանեց Արտակ Կէօքճեան, որ անդրադարձաւ հայոց պատմութեան մէջ ուրոյն նշանակութիւն ունեցող այս երեք դէպքերուն` հաստատելով, թէ, հակառակ տարիներու հեռաւորութեան, հայ ժողովուրդը կը շարունակէ կենդանի պահել Վարդանանցի խիզախութեան եւ Փետրուարեան ապստամբութեան ոգին: Ան նշեց, որ 34 տարիներ անցած են, սակայն Արցախեան պայքարի յոյսը, թէեւ կոտրած է, բայց չէ մեռած: «Երեք յիշատակներ, երեքն ալ ազգային ցասումի հերոսական խոյանքներ, որոնք ապրած են եւ միշտ կ՛ապրին մեր ժողովուրդի յիշողութեան ու սրտին մէջ: Ուրեմն եկէք միացնենք մեր ուժերը` յանուն ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին, որ մեր երէկն էր, այսօրն ու վաղը: Ժողովու՛րդ, միշտ պատրաստ ամէն տեսակի թշնամիներուն դէմ պայքարելու: Այս է պատգամը փետրուարեան այս երեք խոյանքներուն: Թող յաւերժ ապրին մեր հերոսները մեր բոլորին սրտերուն մէջ: Թող մեր գործը կենդանի պահէ մեր նահատակներու կտակը», ըսաւ Ս. Կէօքճեան
Բացման խօսքին յաջորդեց ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան կողմէ պատրաստուած «Երգ կամաւորի» նուագը` Նազէ Այնթապլեանի կատարողութեամբ, որմէ ետք պատանիներ Կալի Գալուստեան եւ Գետակ Այնթապլեան երգեցին «Ղարաբաղ իմ աղբիւր ես դու» երգը` նուագակցութեամբ Նազէ Այնթապլեանի:
Ապա ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Նարէ Փիլաւճեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Իմ Հայաստան» բանաստեղծութիւնը:
Օրուան առաջին պատգամաբերն էր պատուելի Արմէն Միսաքեան, որ, անդրադառնալով այս պատերազմին, ըսաւ, թէ այս Վարդանանց հերոսամարտը բազմակի նշանակութիւն ունի մեզի համար: Ան դիտել տուաւ, որ թէ հոգեւոր, եւ թէ մշակոյթային վերելքը սահուն եւ առանց մարտահրաւէրներու չընթացաւ, այլ ընկերակցեցաւ Սասանեան Պարսկաստանի հաստատուն հալածանքներով: «Վարդան սպարապետը ազատագրական պայքարով կը փորձէր պաշտպանել հայը, հայոց մշակոյթը, կրօնն ու այն ժառանգութիւնը, որ պէտք է փոխանցուէր յաջորդ սերունդներուն ու հասնէր մինչեւ մեզի: Այսօր Վարդանանց հերոսամարտի լոյսին տակ պէտք է մեր հայեացքը ուղղենք մեր իրականութեան` դիտարկելու զայն մեր կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ եւս: Վարդանի ու իր զինակիցներուն համար հաւատարմութիւնը դրսեւորուեցաւ զէնք վերցնելով եւ մարտնչելով: Այսօր մեզի համար ո՞ւր է այդ պատերազմի դաշտը, ո՞ւր պէտք է դրսեւորենք մեր հաւատարմութիւնն ու պաշտպանութիւնը մեր երկրի` ի շահ մեր ազգին, եւ ի նուիրումն մեր հաւատքին: Անոնք հսկայական ժառանգութիւն ձգեցին գալիք սերունդներուն` բազմապիսի դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու միջոցով: Այսօր ո՞րն է մեր ժառանգութիւնը: Այսօր ինչպէ՞ս կ՛արտայայտուի մեր հաւատարմութիւնը` մե՛ր դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ պայքարներուն մէջ»:
Իր խօսքի աւարտին պատուելին յայտնեց. «Անճարցին` իբրեւ մուսալեռցի, լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ պայքարիլ, դիմադրել, մշակել եւ վերակառուցել, իյնալ եւ կրկին բարձրանալ: Ձեր անցեալը, մանաւանդ վերջին 80 տարուան գոյատեւումը, մեծ վկայութիւն է` ցոյց տալու համար, որ լաւապէս պայքարիլ գիտէք: Այսպիսով, մեր հաւատքին հաւատարիմ մնալը մեզ կանգուն պահած է, եւ դարերով հաւատքի ջահը փոխանցած ենք սերնդէ սերունդ: Հաւատարմութիւնը կը պահանջէ գերագոյն պատասխանատուութիւն, գիտակցութիւն եւ նուիրում, որպէսզի անխախտ մնանք որպէս հայ, անխախտ մնանք որպէս հայախօս, անսասան պահենք յոյսի դաւանումը: Այս արժէքներով է, որ պիտի կարողանանք ապրիլ եւ ապրեցնել, ստեղծագործել եւ բարիք ընել` տիրող աննպաստ, անարդար իրավիճակներուն մէջ: Մեր անցեալի պատմութեան այս փառաւոր էջը այսօր մեզի նոր եռանդով ու յոյսով կը լեցնէ, որ, անկախ ներկայ մշուշոտ իրականութենէն, ապագային նայինք դրական կերպով: Աստուած մեզ զօրացնէ` ըլլալու եւ մնալու հաւատարիմ մեր ազգին, հաւատքին, հայրենիքին ու Աստծոյ»:
Այնուհետեւ Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն Արինա Աբրահամեան արտասանեց Վարդան Յակոբեանի «Արցախ» բանաստեղծութիւնը:
Ապա Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտներէն Կալի Գալուստեան եւ Գետակ Այնթապլեան երգեցին «Դարձէք ով հայեր» երգը:
Ձեռնարկին երկրորդ բանախօսն էր Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ ըսաւ, թէ հայ ազգը` իբրեւ շատ հին անցեալ ունեցող հաւաքականութիւն, պատմութեան ընթացքին միշտ գտնուած է ալեկոծ ովկիանոսին մէջ ծփացող նաւու մը նման, տատանումով, ու միշտ ընկղմելու սպառնալիքներու եւ մարտահրաւէրներուն դիմաց պայքարելով կրցած է պահել իր գոյութիւնը: Թիւով շատ են նման դէպքերը: Յաճախ պատերազմած ենք, երբեմն նոյնիսկ բնաջնջման վտանգին մէջ գտնուած ենք, բայց երբեմն ալ իշխած ենք ու դարձած աշխարհակալ», հաստատեց ան:
«Այսօր մենք միասնաբար կ՛ոգեկոչենք Վարդանանց ճակատամարտի, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան ճակատագրական հոլովոյթին առնչուող սխրանքներուն յիշատակը, որովհետեւ անոնք ունին միեւնոյն հասարակ յայտարարը, այն իմաստով, որ անոնք մեր հարցերուն դիպուկ կէտն են ու մեր գոյութեան հիմնական գրաւականը», դիտել տուաւ Վ. Խօշեան
Անդրադառնալով Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն` Այնճարի քաղաքապետը ըսաւ. «Խոր ցաւով, անհուն ընդվզումով կը դատապարտենք Արցախի ներկայ կարգավիճակին ուղղակի եւ անուղղակի բոլոր դերակատարները: Երեք տասնամեակներ քար առ քար, տուն առ տուն, փողոց առ փողոց եւ շրջան առ շրջան հայկական շունչ տարածելու համայն հայութեան ճիգերը 44 օրերու ընթացքին յանկարծ կործանուեցան: Մենք պատերազմը կորսնցուցինք, կորսնցուցինք հողային ընդարձակ տարածքներ, որոնք 25-30 տարիներ առաջ երիտասարդներու արեամբ վաստակուած էին: Վարկաբեկուեցան, եւ աղաւաղուեցան մեր աւանդներն ու արժէքները, պղծուեցան մեր սրբավայրերը, բայց ամէն բանէ աւելի խորտակուեցաւ մեր յաղթանակելու կամքն ու հոգին: Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռք, ամբողջ հայութեան գերագոյն նպատակը, իր հաւաքական ճիգերով իրականացած գերխնդիրը, որ մեր ազգին հպարտութեան եւ արժանապատուութեան գրաւականն էր, ինչ հեշտանքով, յանկարծ գիշերային շտապ համաձայնութեամբ մը կը ստորագրուի անոր յանձնումը: Խաբէութեամբ բնորոշուող այս քայլը յատուկ է դաւաճաններու, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրութեան հոլովոյթին ոչ ծանօթ են, ոչ ալ գիտեն անոր շեշտաւորուած անհրաժեշտութիւնը մեր ազգային իրականութեան մէջ»:
Խօսքին աւարտին բանախօսը նշեց. «Մենք իրարու աչքերուն մէջ պիտի նայինք` մեր սրտերու տրոփի արտայայտութեամբ: Զիրար բարձրացնելով` մեր հաւաքականութիւնը բարձր պիտի պահենք: Պիտի ըլլանք իրարու կողքին` մեզ ջլատող եւ փորձառութեան մատնող բոլոր սադրանքներուն դիմաց»:
Աւարտին Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտուհիներէն` Սոֆի Գալուստեան եւ Գարլա Գէորգեան ասմունքեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Մենք» բանաստեղծութիւնը:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ հոգեւոր հայրերու «Պահպանիչ»-ով:


