Սումկայիթի Ջարդերը Դատապարտող Բողոքի Հաւաք ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ

Աշխարհ, Սփիւռք

34 տարի առաջ Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ քաղաքացիներու դէմ գործադրուած ջարդերուն եւ վայրագութիւններուն յիշատակման առիթով, Փետրուար 26-ին, բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին Վանգուվըրի հայ համայնքի անդամները: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Հորիզոն»-էն։

Բողոքի հաւաքը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին կողմէ։ Բողոքի հաւաքը կայացաւ Գանատայի Հանրային Ռատիոկայանի (CBC-Canadian Broadcasting Corporation) Վանգուվըրի կեդրոնատեղիին դիմաց, իբրեւ բողոք, 34 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ կատարուած սպանդին: Ցուցարարները ազրպէյճանական ռազմական յանցագործութիւնները եւ Սումկայիթի ջարդերը դատապարտող պաստառներ պարզեցին։