Բարեկենդանը՝ Ֆերիգիւղի Եկեղեցւոյ Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Բուն Բարեկենդանի առթիւ Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ 27 Փետրուար 2022, Կիրակի առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. ՍեդրաքՍրկ. Տավութհան, Բրշ. Հմայեակ Սրկ. Գօչումեան, Բրշ. Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ Բրկ. ԱրտէնՈւր. Դպիր Թունչ։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Վարդանանց Դաս Դաս Երգչախումբի անդամները, առաջնորդութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ նախ անդրադարձաւ Բարեկենդանի իմաստին վրայ։ Բարի կեանքը՝ երջանկութիւնը մարդուն ամենաշատ փնտռած բանն է եւ Բարեկենդանը դրախտի երջանկութեան յիշատակութեան օրն է։ Եւ մարդը երջանկութեան ու յաւիտենական կեանքի համար ստեղծուած է արդէն։ Մարդ կը փնտռէ երջանկութիւնը, սակայն յաճախ սխալ տեղ կը փնտռէ։ Մարդուն արարիչը՝ Աստուած միայն գիտէ թէ ուր է երջանկութիւնը։ Աստուծոյ օրէնքները մեզի ցոյց կու տան երջանկութեան ճանապարհը։

«Երջանկութեան գաղտնիքը միասնականութեան մէջ է» ըսաւ մեր Հոգեւոր Պետը եւ եկեղեցին ալ միասնականութիւն է։ Ճիշդ ապրուած կեանքի վարձատրութիւնն է ան եւ ճիշդ հիմերու վրայ դրուած կեանքի արդիւնքը։

Իր քարոզի աւարտին՝ մեր Հոգեւոր Պետը՝ անդրադառնալով Եկեղեցւոյ Վարդանանց Դպրաց դասու113-ամեակին եւ նոյն երգչախումբի 90-ամեակին, շնորհաւորեց սոյն կրկնակ տարեդարձերը։

Խօսեցաւ դպիրներու եւ դպրաց դասերու առաքելութեան ու կարեւորութեան մասին։ Շեշտեց նոր սերունդ, երիտասարդ եւ մանուկ հասցնելու կարեւորութեան մասին ու այս մէկը իւրաքանչիւր դպրաց դասու, ընդ որս Վարդանանց Դպրաց Դասու ամենակարեւոր պարտականութիւններէն է։

Հուսկ՝ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ պաշտօն Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի հանգուցեալ նախագահներու, դպրապետներու, վարիչներու, անդամներու եւ բարերարներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Շիրինօղլու սրահին մէջ համավարակի պայմաններու ներքեւ սեղմ շրջանակի մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։