ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը` Սումկայիթի Ջարդերու Տարելիցին Առիթով

Հայաստան

Սումկայիթի ջարդերուն 34-ամեակին առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

Ի պատասխան Հայաստանի եւ Արցախի վերամիաւորման համար Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ սկիզբ առած խաղաղ եւ օրինական ժողովրդական ցոյցերուն, 1988 թուականի Փետրուար 27-ին Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ սկիզբ առին տեղի հայ բնակչութեան ջարդերը:

Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ հրահրուած ազրպէյճանական հրոսակները տանջամահ ըրին տասնեակ հայեր, հազարաւոր հայ ընտանիքներ, իրենց ետին ձգելով տարիներու վաստակը, տունն ու գոյքը, դարձան գաղթական: Անոնց մէկ մասը ապաստանեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն մէջ, հազարաւոր ընտանիքներ ցրուեցան ամբողջ աշխարհով մէկ:

Ազրպէյճանական իշխանութիւնները չդատապարտեցին ջարդարարները, չբացայայտեցին յանցագործութեան հեղինակներն ու իրականացնողները:

Իբրեւ հետեւանք, Սումկայիթի ջարդերուն հետեւեցան հայերու ջարդերը այլ քաղաքներու մէջ` Պաքուի, Գանձակի, Շամխորի եւ այլուր:

Դեռ 1920 թուականի Շուշիի ջարդերէն սկսեալ` ազրպէյճանական հայատեաց եւ ցեղասպան քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ մեր օրերուն եւ առաւել ցայտուն կերպով դրսեւորուեցաւ 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին, երբ բնակչութեան դէմ կիրառուեցաւ արգիլուած ֆոսֆորային զէնք, իսկ հարիւրաւոր խաղաղ բնակիչներ եւ գերեվարուած զինուորականներ տանջամահ եղան:

Այս պայմաններուն մէջ առնուազն տարակուսելի են Հայաստանի Հանրապետութեան պարտուողական իշխանութեան որդեգրած դիրքորոշումն ու վարած քաղաքականութիւնը:

Ոեւէ հայ չի կրնար իրեն Ազրպէյճանի մէջ ապահով զգալ, ապրիլ, արարել ու կերտել իր ապագան: Ուստի անընդունելի ու աններելի են Քաղաքացիական պայմանագրի իշխանութիւններու պնդումները, թէ Արցախը կորսնցուցած է անկախ ըլլալու որեւէ հնարաւորութիւն: Ասիկա ուղղակի կը նշանակէ Արցախը դատապարտել հայաթափման, իսկ արցախցիները` բնաջնջման:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, յարգանքի տուրք մատուցելով Սումկայիթի մէջ եւ այլուր յօշոտուած անմեղ զոհերու յիշատակին եւ գլուխ խոնարհելով արցախեան պատերազմներով զոհուած հերոսներուն առջեւ, կը վերահաստատէ իր դիրքորոշումը. Արցախը չէ եղած եւ պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմի մէջ: Արցախի հարցը չի կրնար լուծուած համարուիլ, քանի դեռ միջազգայնօրէն չէ ճանչցուած ու չէ երաշխաւորուած Արցախի ժողովուրդի` սեփական միասնական հայրենիքին մէջ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը:

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ

28 Փետրուար 2022