Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքը Պիտի Կայանայ Մարսէյլի Մէջ
Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 6-8 Մայիս 2022-ին, Մարսէյլի մէջ:
Այս ծրագրին միջոցով, հայ երիտասարդը (18-28 տարեկան) կը պեղէ իր ինքնութիւնը եւ կը ծանօթանայ հայկական մշակոյթին, ինչպէս նաեւ անիկա հայ երիտասարդութեան առիթ կ՛ընծայէ իրենց նմանողներու հետ կապեր ստեղծելու, միասնաբար բացայայտելու համար իրենց հասարակաց հայկական ինքնութիւնը եւ ծանօթանալու ժամանակակից հայ երիտասարդ արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու հետ:
Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքին կրնան մասնակցիլ աշխարհի տարբեր երկիրներէ 18 – 28 հայ ուսանողներ, մասնակցութեան սակ` 200 եւրօ, որ կ՛ընդգրկէ արձանագրութիւն, սնունդ, կեցութիւն, քաղաքին մէջ պտոյտներ եւ աշխատանոցներու մասնակցութիւն: Արձանագրութեան վերջին ժամկէտ` 20 Ապրիլ 2022:
Յայտնենք, որ հաւաքի աշխատանոցները տեղի պիտի ունենան Համազգայինի Մարսէյլի Ճեմարանին մէջ:
