Վերանորոգուելէ Ետք Վերաբացուած է Պոլսոյ Ս. Հռիփսիմեանց Եկեղեցին

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսոյ Սարըյեր վարչական շրջանին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտած են, և եկեղեցին բացած է իր դռները հաւատացեալներուն համար: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Բացման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանը: Մատուցուած է պատարագ:

Եկեղեցւոյ հիմնադրամի հիմնադիր խորհուրդի նախագահ Մուրատ Սումէն, յիշեցնելով, որ կառոյցը հիմուած է 1848-ին, պատմած է վերանորոգման աշխատանքներու մանրամասնութիւններուն մասին:

Ան յիշեցուցած է, որ վերանորոգման աշխատանքներուն աջակցած է նաեւ Պոլսոյ քաղաքապետարանը:

«Սարըյերը Պոլսոյ ամենաաշխուժ եկեղեցիներէն մէկն է: Համաճարակի ընթացքին մեր եկեղեցին փակեցինք, քանի որ դռնփակ կ՝ընէին պատարագները»,- ըսած է Սումէն: