«Ազատ Օր» Կը Թեւակոխէ Իր Հրատարակութեան 78-րդ Տարին
Յունահայ գաղութի օրաթերթը՝ «Ազատ Օր»ը կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 78-րդ տարին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ թերթէն։
«Այսօրուան տարեդարձը առիթը կու տայ թերթի ընտանիքին ու ընթերցողներուն՝ անգամ մը եւս խոնարհելու անոր հիմնադիրներուն եւ անդարձ մեկնած աշխատողներուն յիշատակին, որոնք անսահման նուիրումով, դժուար պայմաններու տակ, վառ պահեցին այն ճրագը, որ 77 տարիներէ ի վեր կը ջերմացնէ մեր ընթերցողներուն սիրտերը, ամէն օր անընդհատ հասնելով իւրաքանչիւրին ձեռքը եւ հրամցնելով հայաշխարհի բոլոր իրադարձութիւնները եւ զարգացումները։ Միաժամանակ, թերթը հայ լեզուի ու դպրութեան կռուան մը եղած է, որուն մէջ հայութեան մտաւորական ծաղկումները իրենց պարարտ հողը գտած են երկար տասնամեակներու ընդմէջէն։
Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, որ մեր մամուլը կը դիմագրաւէ իր ընդհանրութեան մէջ, «Ազատ Օր» կը շարունակէ իր երթը, մնալով հաւատարիմ իր առաքելութեան ու նպատակին։
Այս առիթով, կը շնորհաւորենք Յունաստանի եւ արտասահմանի մեր ընթերցողներն ու աշխատակիցները, բոլոր անոնց, որոնք սատար կը հանդիսանան մեր թերթի գոյատեւման»։
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը շնորհաւորէ «Ազատ Օր»-ը՝ մաղթելով յարատեւ վերելք։
