Կոչ ԱՀ եւ ՀՀ Ազգային Ժողովներու Նախագահներուն

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի երեք ընդդիմադիր խմբակցութիւնները Ազրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւորներու Հայաստան կատարած այցին առիթով հանդէս եկած են կոչով, ուր կ՝ըսուի.

«Հայաստանի եւ Արցախի խորհրդարաններուն միջեւ նկատուող յարաբերութիւններու ֆոնին՝ ՀՀ վարչապետը ջերմ ընդունելութիւն կը կազմակերպէ Ազրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւորներուն: Նիկոլ Փաշինեանը երէկ հանդիպած է «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի ծիրէն ներս Հայաստան ժամանած Ազրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւորներու հետ, իսկ այսօր այդ պատգամաւորները շնորհակալութիւն յայտնած են ՀՀ վարչապետի ջերմ ընդունելութեան համար:

Անհանգստացնող է այն հանգամանքը, որ որեւէ տեղեկութիւն չկայ այն մասին, թէ այդ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի Հանրապետութեան եւ լայն հասարակութիւնը յուզող իրական խնդիրները՝ կապուած անվտանգութեան, հայ գերիներու վերադարձի, գրաւուած տարածքներու մէջ մշակութային արժէքներու ոչնչացման եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ օր օրի վատթարացող հարցերը։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ յատկապէս կարեւոր կը համարենք հայկական երկու պետութիւններու՝ միջխորհրդարանական յանձնաժողովի միջոցով օրէնսդիր մարմիններու համագործակցութեան օր առաջ վերսկսումը, ուր պիտի քննարկուին անվտանգային, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հայատեաց քաղաքականութեան շարունակական դրսեւորումներուն համաչափ ու համարժէք արձագանգելու, հայ գերիները վերադարձնելու եւ բազմաթիւ այլ հրատապ հարցեր:

Հաշուի առնելով մեր տարածաշրջանին մէջ ծաւալուող իրադարձութիւնները՝ կոչ կ՝ընենք Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու Ազգային ժողովներու նախագահներուն հրատապ կազմակերպելու միջխորհրդարանական յանձնաժողովի նիստ:

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ՝

«ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ» խմբակցութիւն