Թաներ Աքչամ Նշանակուեցաւ «Խոստումը» Հայկական Հիմնարկին Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութեան Ծրագրի Վարիչ

Աշխարհ, Սփիւռք

Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ հիմնարկի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագրի վարիչ նշանակուած է յայտնի ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամը, որ Մեսեչուսեց նահանգի «Քլարք» համալսարանի ցեղասպանագիտութեան բաժանմունքի վարիչն է։

Այլախոհ թուրք պատմաբանը հեղինակած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին շարք մը հատորներ, որոնցմէ մէկն է՝ «Սպանութեան Հրամաններ. Թալաթ Փաշայի Հեռագիրները Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:

«Խոստումը» Հայկական հիմնարկի վարիչ Էն Գարակէօզեան կը վստահեցնէ, թէ Աքչամի յաւելումը զարկ պիտի տայ համալսարանէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նոր եւ բազմակողմանի ուսումնասիրութիւններու։

«Խոստումը» Հայկական հիմնարկը հաստատուած է հանգուցեալ ազգային բարերար Գըրգ Գըրգորեանի կտակած 20 միլիոն տոլարի նուիրատուութեան միջոցաւ։