Ազրպէյճանը Յայտնած է, Որ 2022-ին Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Բերձորը Շրջանցող Ճանապարհը

Աշխարհ, Հայաստան

Բերձոր քաղաքի շրջանցումով կառուցուող ճանապարհը շահագործման պիտի յանձնուի մինչեւ այս տարուան Յուլիս։ Տեղեկութիւնը, ըստ «Երկիր»-ի, այսօր ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Ազրպէյճանի ճանապարհներու պետական գործակալութեան վարչութեան նախագահ Սալեհ Մամետովը:

«28 քմ երկարութեամբ այս ճանապարհը պիտի միացնէ Լաչինի շրջանի (Քաշաթաղի,–խմբ.) 6 գիւղերը։ Արդէն կառուցուած է 17 քմ երկարութեամբ հատուածը եւ կամուրջ Հակարի գետի վրայ։ Ճանապարհը շահագործման պիտի յանձնուի մինչեւ այս տարուան Յուլիս»,- ըսած է Մամետովը։

Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն՝ անոր ընդունումէն ետք երեք տարուան ընթացքին պէտք է որոշուի Արցախի ու Հայաստանի միջեւ կապ ապահովող Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան նոր երթուղիի կառուցման ծրագիրը, որուն կը յաջորդէ այդ երթուղիի պահպանման համար ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին վերաբաշխումը: