Մերժելով Շուշիի Հռչակագրի Դատապարտումը՝ ՔՊ-ն Ընտրեց Թրքացման Ուղին. Իշխան Սաղաթելեան
Գրաւուած Շուշիի մէջ 2021թ. Յունիս 15-ին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահները ստորագրած են հռչակագիր, որ լրջագոյն սպառնալիքներ եւ մարտահրաւէրներ կ՝առաջացնէ ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան ապահովման, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցերով: Վերջերս այս հռչակագիրը նաեւ վաւերացուեցաւ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններուն կողմէ:
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութիւնը հանդէս եկած էր նախաձեռնութեամբ եւ շրջանառութեան մէջ դրած էր յայտարարութիւն, որմով ՀՀ խորհրդարանը՝ իբրեւ առաջնային իրաւագիր (մանդատ) կրող պետական կառոյց, պէտք է իր գնահատականը տար հռչակագրի վաւերացման՝ այդպիսով ընդգծելով, որ Շուշիի հռչակագիրը՝ իր սադրիչ եւ ապակառուցողական բնոյթով, անընդունելի է ՀՀ-ի համար:
Ինչպէս կ՝ենթադրուէր՝ այսօր ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ իշխող ուժը մերժեց Շուշիի հռչակագրի վաւերացումը դատապարտող յայտարարութեան նախագիծը:
Մերժելով յայտարարութեան ընդունումը՝ ՔՊ-ն վերահաստատեց` թուրք-ազրպէյճանական տանդեմի շահերը սպասարկելու իր յանձնառութիւնը եւ մէկ անգամ եւս փաստեց, որ իրենք ընտրած են թրքացման ճանապարհը:
Խաղաղութիւն հաստատելու անուան տակ՝ օրուան իշխանութիւնները հայ ժողովուրդը կը տանին նոր զիջումներու, նոր կորուստներու եւ նոր պատերազմի:
Իշխան Սաղաթելեան
ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ ԱԺ փոխնախագահ
