ՀՕՄ-ը Առաւել Քան 3 Միլիոն Տոլարի Աջակցութիւն Ապահոված Է Համաճարակէն Տուժած Լոս Անճելըսի Վարձակալներուն
Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութիւններուն հետ համագործակցելով, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը Յունիս 2021-էն ի վեր կրցած է առաւել քան 3 միլիոն տոլարի աջակցութիւն ապահոված է «Քովիտ»-ի համաճարակէն տուժած բնակարաններու վարձակալներու:
Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը կը շեշտէ, թէ Լոս Անճելըս քաղաքի եւ գաւառի բնակիչները, որոնք համաճարակին պատճառով տուժած են, տակաւին կրնան իրենց բնակարանի վարձքերը վճարելու համար օժանդակութիւն խնդրելու դիմումներ ներկայացնել՝ այցելելով այս նպատակով հաստատուած համացանցային կայքէջը, կամ դիմելով Կլենտէյլի ՀՕՄ-ի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը՝ այս ծրագիրի պատասխանատուին` Վիգ Քէօսեանին, (818) 253-4741 թիւով:
Գրասենեակը կը տրամադրէ սպասարկութիւն հայերէնով, սպաներէնով, պարսկերէնով եւ անգլերէնով եւ շաբաթական մօտաւորապէս 30 ընտանիքներու աջակցութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը ունի:
Համաճարակէն տուժածներու աջակցութեան այլ կարելիութիւններու ծանօթանալու համար կարելի է դիմել ՀՕՄ-ի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը` (818) 241-7533 թիւով:
