Կանխել Ազրպէյճանի Կողմէ Իրականացուող Մշակութային Եղեռնագործութիւնը․ Մայր Աթոռ

Աշխարհ, Հայաստան

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգը տարածած է յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի՝

«Օրերս Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ի դէմս Մշակոյթի նախարարի հանդէս եկած են հերթական հակահայկական նախաձեռնութեամբ:

Համաձայն վերջինիս յայտարարութեան՝ Ազրպէյճանի մէջ ձեւաւորուած է տեղի եւ արտերկրեայ մասնագէտներէ կազմուած «Աղուանական պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասնագէտներու աշխատանքային խումբ», որուն նպատակն է, այսպէս կոչուած, աղուանական կրօնական տաճարներէն հեռացնել «հայերու ձգած կեղծ հետքերը»:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանական իշխանութիւններու սոյն նախաձեռնութիւնը եւ զայն կ՝որակէ որպէս հակամարդկային ու հակաքաղաքակրթական գործողութիւն՝ Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ շարունակական թշնամանքի ու ատելութեան ընդգծուած դրսեւորումներով:

Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի քրիստոնէական սրբավայրերու հայկական ինքնութիւնը գիտականօրէն հաստատուած իրողութիւն է եւ չի կրնար վիճարկման առարկայ դառնալ խելամիտ ու առարկայական մտածողութեան շրջանակներու մէջ:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը դիմէ Ղարաբաղյան հակամարտութեան կարգաւորման մէջ ներգրաւուած բոլոր երկիրներուն, առաջին հերթին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող պետութիւններուն, քոյր եկեղեցիներուն ու կրօնական կառոյցներուն, միջազգային մասնագիտացուած կազմակերպութիւններուն՝ խստագոյնս արձագանգելու Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող մշակութային եղեռնագործութեան անթաքոյց այս փաստին՝ կասեցնելու եւ կանխելու համար վանտալութեան այս ու նմանօրինակ դրսեւորումները»: