2021-ին Ազրպէյճան Հայաստանի Հետ Սահմանին Բացած Է 19 Զօրամաս Եւ 104 Սահմանակէտ
Ազրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութիւնը Հայաստանի հետ սահմաններուն վրայ տեղակայած է աւելի քան 100 սահմանային մարտական կէտ: Այս մասին, ըստ «Ազատութիւն» լրատուականի, կը նշուի գերատեսչութեան ամփոփագիրին մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ 2021-ին հայ-ազրպէյճանական սահմաններուն վրայ բացուած է 19 նոր զօրամաս, ինչպէս նաեւ 104 սահմանային մարտական կէտ, որոնց կարգին՝ «Էյվազլի» եւ «Ղազանչի» սահմանային անցակէտերը:
Ըստ ամփոփագիրին մէջ ներկայացուող մանրամասնութեան՝ 44-օրեայ պատերազմէն ետք «ազրպէյճանցի սահմանապահները ամբողջովին իրենց վերահսկողութեան տակ առած են իրանեան-ազրպէյճանական 132 քիլոմեթրնոց սահմանը»:
