Փեքին 2022. Կայացաւ Ողիմպիական Խաղերու Բացման Արարողութիւնը

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Փետրուար 4-ին, Փեքինի մէջ տեղի ունեցաւ ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութիւնը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armsport.am-էն։

ՈԽ-ուն կը մասնակցի 95 երկիր։

Հայաստանի խումբէն դրօշակակիրներու առաքելութիւնը ՀԱՕԿ-ը ընձեռած է գեղասահորդուհի Թինա Կարապետեանին եւ դահուկավազորդ Միքայէլ Միքայէլեանին:

Քանի մը երկիր՝ ինչպէս Գանատան, Ֆրանսան, Մեծ Բրիտանիան եւ Սպանիան արդէն ներկայացած են աշխարհին։

Գանատա
Մեծ Բրիտանիա
Ֆրանսա
Սպանիա