Ազրպէյճանը Կը Շարունակէ Հայկական Ժառանգութեան Մշակութային Ցեղասպանութիւնը Արցախի Մէջ. Le Figaro
Ազրպէյճանը կը շարունակէ հայկական ժառանգութեան մշակութային ցեղասպանութիւնը Արցախի մէջ: Այս մասին, ըստ News.am-ի, Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է Le Figaro-ի փոխ խմբագիր Ժան-Քրիստոֆ Պիւսոնը։
«Մինչ Ազրէյճանը կը շարունակէ իր մշակութային ցեղասպանութիւնը Արցախի մէջ հայկական ժառանգութեան նկատմամբ՝ առանց որեւէ արձագանգի (յատկապէս Ֆրանսայի ԱԳՆ-ի եւ UNESCO-ի), ԵՄ-ն կ՝ողջունէ Պաքուի հետ իր ուժանիւթային գործընկերութիւնը»,- ըսած է ան՝ տեղադրելով Եւրոպական քաղաքականութեան եւ հարեւանութեան ԵՄ յանձնակատար Օլիվըր Վարհելիի գրառումը Պաքուի մէջ հանդիպումներուն մասին:
