Ազրպէյճանական Դպրոցներու Համար Նախատեսուած Դասագիրքերուն Մէջ Ատելութիւն եւ Թշնամանք Կը Քարոզուի Հայերուն Հանդէպ․ Արման Թաթոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան ներկայացուցած է ապացոյցներու վրայ հիմնուած արտահերթ նոր զեկոյց յետպատերազմական շրջանին հայատեացութեան ազրպէյճանական քաղաքականութեան նոր զարգացումներու, վտանգներու վերաբերեալ։

«Ազրպէյճանական իշխանութիւնները ատելութիւն կը քարոզեն Հայաստանի եւ հայերու հանդէպ»,- այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ասուլիսի ընթացքին նշած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան։

Վերջինս վստահեցուցած է, որ պետական հովանաւորութեամբ կատարուող ազրպէյճանական ատելութեան քարոզչութեան քաղաքականութիւնը հիմնուած է երկու հիմնարար հենասիւներու վրայ։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ցեղական հիմքով ատելութեան աւելցած է նաեւ կրօնականը։

«Ազրպէյճանական դպրոցներուն համար նախատեսուած դասագիրքերուն մէջ ատելութիւն եւ թշնամանք կը քարոզուի հայերուն հանդէպ։ Ազրպէյճանի մէջ ցոյց կը տրուի իրենց գերակայութիւնը հայ ժողովուրդի հանդէպ: Անոնց իշխանութիւնները կը փոխեն նաեւ եկեղեցիներու պատկանելութիւնը՝ ըսելով, որ անոնք ալպանական են»,- նշած է Թաթոյեան:

Ան ներկայացուցած է նաեւ ազրպէյճանական այդ քաղաքականութեան վտանգները այլ երկիրներու, ինչպէս նաեւ 2 ժողովուրդներու միջեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Թաթոյեանը վստահեցուցած է, որ Ազրպէյճանական այս ռազմավարութիւնը վտանգաւոր է նաեւ այլ երկիրներու համար։

«Պատերազմի ժամանակ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ շարք մը երկիրներու մէջ ազրպէյճանական եւ թրքական խումբերը կը յարձակէին հայերու վրայ, նոյնիսկ վանտալութեան կ՝ենթարկէին շարք մը շինութիւններ, որոնց ապացոյցները անհերքելի են»,- ընդգծած է ան:

Թաթոյեանը օրինակներով առանձնացուցած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններու, ներառեալ՝ բարձրագոյն մարմիններու ատելութիւն տարածող պահուածքը, որոնք գրեթէ նոյն ձեւակերպումներով լայնօրէն կը դրսեւորուին մշակութային, մարզական ու հանրային այլ գործիչներու կողմէ ու կ՝արժանանան հանրային գովասանքի:

«44-օրեայ պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի ժողովրդական բանաստեղծ Ֆահիտ Ազիզը կ՝ըսէ, որ հայերը բացի քաոսէն այլ բան չեն կրնար ստեղծել, անբարոյական ազգ են։ Ասիկա յստակ ապացոյց է, որ Ազրպէյճանը նման յայտարարութիւնները ողջունելի կը համարէ»,- նշած է ան:

Թաթոյեան անդրադարձած է նաեւ ազրպէյճանական կողմի խաղաղասիրական յայտարարութիւններուն՝ վստահեցնելով, որ անոնք շղարշ են արտաքին աշխարհի համար։