Թուրք Կուսակցապետի Նախապայմանները Հայաստանին

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ ծայրայեղ ազգայնական «Մեծ միութիւն» կուսակցութեան (BBP-ՄՄԿ) նախագահ Մուսթաֆա Տեսթիճին մամուլի ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է  ՀՀ-Թուրքիա երկխօսության թեմային եւ արցախեան հիմնախնդրին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Յիշեցնելով «Շուշիի հռչակագիր»-ի վաւերացման վերաբերեալ Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուած օրինագիծը՝ ան ըսած է.

«Հռչակագիրը նպատակ ունի աւելի ամրապնդելու եւ խորացնելու Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի փոխյարաբերութիւնները, որ շատ ճիշդ է։ Մենք, իբրեւ «Մեծ միութիւն» կուսակցութիւն, լիովին կ՝աջակցինք անոր»։

Տեսթիճին յայտնած է, որ իր կուսակցութիւնը կը սատարէ Ազրպէյճանի հետ ձեռնարկուող բոլոր քայլերը։ Իսկ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար Թուրքիոյ իշխանութիւններուն քողարկուած նախապայմաններուն մասին ըսած է հետեւեալը։

«Մենք կ՝ուզենք, որ Հայաստանի հետ կասեցուին կարգաւորման փորձերը այնքան ժամանակ, քանի դեռ այդ երկիրը Ղարաբաղի գրաւուած ողջ տարածքներէն դուրս չէ եկած եւ չէ հրաժարած Թուրքիոյ ուղղուած ցեղասպանակութեան անհիմն պնդումներէն»։

Ըստ թուրք կուսակցապետին, եթէ Հայաստանը կ՝ուզէ կարգաւորել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ՝ պէտք է առնէ 2 կարեւոր քայլ.

«Առաջին՝ հրաժարի Ղարաբաղի բռնագրաւած ողջ տարածքներէն։ Եւ երկրորդ՝ հրաժարի այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներէն։

Առանց անոնցմէ հրաժարելու կարգաւորման գործընթացը ոչ առողջարար պիտի ըլլայ, ոչ ալ՝ երկարաժամկէտ: Պիտի գայ Ապրիլ 24-ը, կրկին յայտարարութիւն պիտի ընեն եւ իբրեւ արդիւնք գործընթացը նորէն պիտի դադրի։ Ուստի, ի սկզբանէ պէտք է նախազգուշական միջոցներ ձեռնարկել»։