Նինա Հաչիկեան Նշանակուած Է Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարութեան Քաղաքականութեան Հարցերով Խորհուրդի Անդամ

Աշխարհ, Սփիւռք

Լոս Անճելըսի քաղաքապետի միջազգային հարցերով առաջին տեղակալ Նինա Հաչիկեան նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան քաղաքականութեան հարցերով խորհուրդի անդամ: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայկական համախմբումի կայքը։ Կը նշուի նաեւ, որ խորհուրդի անդամներուն շարքին են նախկին ակնառու գործիչներ, ինչպէս` Մատլեն Օլպրայթն ու Հենրի Քիսինճըրը:

Դիւանագէտ ու քաղաքական գործիչ Հաչիկեան նախապէս եղած է Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան: Իր ծառայութեան ընթացքին ան արժանացած է արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրագոյն պատուաւոր պարգեւի:

Դեսպան Հաչիկեան նաեւ եղած է Ամերիկեան յառաջդիմութեան կեդրոնի գիտաշխատող ու աւագ փոխնախագահ, ինչպէս նաեւ 2012-ին նախագահ Օպամայի նախընտրական արշաւի ժամանակ ասիական քաղաքականութեան գծով համաղեկավար: Դեսպան Հաչիկեան նաեւ եղած է ՌԱՆՏ ասիա-խաղաղովկիանոսեան կեդրոնի տնօրէն եւ 1998-1999 թուականներուն աշխատած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմին մէջ: Ան բազմաթիւ գիրքերու, զեկուցումներու եւ յօդուածներու հեղինակ է:

Հաչիկեան հիմնադիր է Ամերիկայի մէջ ծառայող Կին դեսպաններու միութեան, որուն կազմին մէջ ներառուած է աւելի քան 200 գործող եւ նախկին դեսպան, շարք մը կազմակերպութիւններու համահիմնադիր է, խորհուրդներու անդամ եւ այլն: