Իշխանութիւններու Հակաիրաւական Այս Վարքագիծը Կը Սպառնայ Հայոց Պետականութեան. ՀՅԴ ՀԳՄ

Հայաստան

Յայտարարութիւն՝

Արդէն տեւական ժամանակ է, որ օրուան քաղաքական իշխանութիւնը յանցաւոր հետեւողականութեամբ կը գրաւէ դատական իշխանութիւնը՝ ձգտելով երկրին մէջ վերջնականապէս հաստատել մէկ անձի իշխանութիւն:

Առերեւոյթ բազմաթիւ ծանր եւ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններու կատարման զուգընթաց, վերջինս նաեւ անողոք է իրաւունքի գերակայութեամբ առաջնորդուող եւ արդար դատաքննութիւն իրականացնող դատաւորներուն նկատմամբ:

Իրաւական պետութիւնը ոչնչացնող պետական ահաբեկման այս մթնոլորտին մէջ լռութիւն կը տիրէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ: Ասիկա այն պարագային, երբ նման դէպքերը պէտք է դառնան տեղական եւ միջազգային լայն քննարկումներու առարկայ:

Այս վիճակը կը սպառնայ Հայոց պետականութեան: Անիկա անթուլատրելի է:

Մեկնելով նշուածէն՝ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագույն Մարմինը՝

  1. Կը Դատապարտէ օրուան իշխանութիւններուն պետականաքանդ այս վարքագիծը:
  2. Կը պահանջէ Հայաստանի իրաւապահ մարմիններէն զերծ մնալ հակաօրինական, իշխանութեան ապօրինի պատուէրներով գործողութիւններ կատարելէ:
  3. Կոչ կ՝ընէ հայաստանեան քաղաքացիական հասարակութեան եւ երկրի ապագայով մտահոգուած մեր հայրենակիցներուն՝ համախմբուելու եւ ընդդիմանալու Սահմանադրութիւնը ոտնահարող գործողութիւններուն:
  4. Ժողովրդավարութեամբ եւ իրաւունքի գերակայութեամբ մտահոգ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ օրուան քաղաքական իշխանութիւններուն հակաիրաւական այս վարքագիծին վրայ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին

01.02.2022թ.